ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Նոյեան Տապան».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այսօր, Նոյեմբեր 28ին կը մեկնի Մինսք՝ մասնակցելու ԱՊՀ նախագահներու խորհուրդի հերթական նիստին:
Նիստը պիտի բացուի պետութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմի հանդիպումով: Այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ լիագումար նիստը, որուն, կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախագահներուն հետ միասին, պիտի մասնակցին նաեւ արտաքին գործոց նախարարները:
Քննարկման գլխաւոր հարցը պիտի դառնայ ԱՊՀ արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ զարգացման հեռանկարներուն առնչուող զեկոյցը:
Միտքերու փոխանակում պիտի կատարուի նաեւ մարդասիրական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ գործակցութեան, անօրինական գաղթի դէմ պայքարի խնդիրներուն շուրջ:
Նիստի ընթացքին պիտի ստորագրուին տասնեակէ մը աւելի փաստաթուղթեր, որոնք պիտի ընդլայնեն գործակցութեան անդամ պետութիւններու գործակցութեան իրաւական հենքը:
Նոյն օրը, Մինաքի մէջ, կը սպասուի նաեւ նախագահ Քոչարեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ: