ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Հոկտեմբեր 17ին, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Քանատա:
Հոկտեմբեր 18ին Օթթաուայի մէջ կը նախատեսուի Օսկանեանի հանդիպումը Քանատայի իր պաշտօնակից Փիթըր Մաքքէյի հետ:
Նոյն օրը նախարար Օսկանեան պիտի հանդիպի Քանատա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի, ինչպէս նաեւ Քանատայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հոկտեմբեր 19ին նախարարը պիտի մեկնի Թորոնթօ, ուր ելոյթով պիտի մասնակցի ՄԱԿի խաղաղութեան համալսարանի կազմակերպած «Խաղաղութեան եւ զարգացման ուղղուած հնարաւորութիւններու կառուցում. Սփիւռքի դերը» միջազգային խորհրդաժողովին:
Հոկտեմբեր 21ին նախարար Օսկանեան պիտի մեկնի Ուաշինկթըն եւ որպէս գլխաւոր բանախօս պիտի մասնակցի ՀՀ դեսպանատան կազմակերպած Հայաստանի վերանկախացման 15ամեակին նուիրուած հանդիսութեան:
Յաջորդ օրը, Օսկանեան պիտի մեկնի Փարիզ եւ Հոկտեմբեր 24ին պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Է. Մամէտեարովի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ: