ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 9ը հայ գրականութեան դասական Վահան Տէրեանի (1885-1920) ծննդեան օրն է, եւ ամէն տարի, այդ օրը Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ տեղի կ’ունենայ հանդիսութիւն:
Ներկայ էին Հայաստանի Գրողներու միութեան, «Չաւախք» հայրենակցական միութեան, «Հզօր հայրենիք» կուսակցութեան, «Վիրահայերի միասնութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարներ, Երեւանի Վահան Տէրեանի անուան դպրոցի ուսուցիչներ, աշակերտներ եւայլն:
Ելոյթ ունենալով, ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեան խօսեցաւ Տէրեանի բանաստեղծութեան մասին, որ դաստիարակիչ ուժ եղած է յաջորդական սերունդներու համար, որոնք սրբութեամբ կը պահեն անոր յիշատակը, իւրաքանչիւր Յուլիսին հաւաքուելով գրողի ծննդավայր Գանձա գիւղը (Չաւախքի Նինոծմինդա շրջան) ու հոն կայացնելով բանաստեղծութեան օրեր:
Ելոյթ ունեցան նաեւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի ղեկավար Առուշան Յակոբեան, «Վիրահայերի միասնութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Տաճատ Վարդապետեան եւ ուրիշներ: