![](https://media.asbarez.am/wp-content/uploads/2022/11/23131151/1126Lorient-Le-Jour-1.png)
Թուրքիոյ հաղորդակցութեան նախարարութիւնը բուռն կերպով արձագանգեց լիբանանեան ֆրանսատառ L՛orient Le Jour թերթի այն նկատողութեան, թէ՝ Թուրքիա Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախ կը դարձնէ, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր» լրատուական կայքը։
Թրքական պետական գերատեսչութիւնը այդ պնդումները անհիմն համարեց: Հրապարակման արձագանգեց «ապատեղեկատւուութեան դէմ պայքար» կոչուած կեդրոնի համակարգող Իտրիս Քարտաշ:
Ան պնդեց, որ Թուրքիոյ օդուժի գործողութիւնները «ահաբեկիչներու դէմ ուղղուած են, կը կատարուին միջազգային իրաւունքի սահմաններուն մէջ եւ կապ չունին ֆրանսական մամուլին մէջ նշուած գաղթականներու ճամբարին հետ»:
Թրքական կողմը նաեւ թերթը մեղադրեց «լրագրական բարոյականութիւնը խախտելու» յանցանքով: