ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Նոյեմբեր 26ին, Աֆղանիստանի հարաւարեւելեան Փաքթիթա նահանգի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառեց 15 զոհ եւ 24 վիրաւոր։ Իշխանութիւնները յայտնեցին, որ փաքիստանցի մը մուտք գործած է ճաշարան մը եւ հոն պայթեցուցած է իր կրած ականը։ Արարքին թիրախներն էին նահանգի ոստիկանապետն ու ոստիկանութեան մասնայատուկ ջոկատներու ընդհանուր հրամանատարը, որոնք ծանրօրէն վիրաւորուած են։
Նաեւ, երկիրին հարաւային Ուրուզկան նահանգին մէջ տասնեակներով թալեպաններ յարձակում մը գործեցին ՆԱԹՕի զօրամասի մը վրայ։ Վերջինիս օգնութեան փութաց օդուժը, որուն յարձակումը սպաննեց 50 զինեալ, յայտարարեց ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը։ Սպաննուեցաւ նաեւ բազմազգեան ուժերէն զինուոր մը։