ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յիսուսի աշխարհ գալուստով փաստուեցաւ, որ իր մարդկային մարմնին մէջ անմեղ մարդ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, իսկ Ան միակ օրինակը եղաւ, որովհետեւ Աստուած էր, որ մարդացաւ: Ուրեմն, իր մարդկային կերպարին մէջ ալ, Ան մեղքէն հեռու մնաց (Հմմտ Եբր 7.26):
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձը քննելով կրնայ հաստատել, որ անմեղ մարդ չկայ այս աշխարհի երեսին: Բոլորս ալ այս կամ այն չափով մեղաւոր ենք, թէ՛ ծածկաբար մեր գործած մեղքերուն եւ թէ բարկութեան պատճառով հրապարակայնօրէն մեր կատարած վատ, եւ ուրիշին վնասող արարքներուն պատճառով:
Մեր շրջապատին մէջ յաճախ կը հանդիպինք, սակայն, բոլորին կողմէ ճանչցուած «անմեղ» մարդոց: Այս իմաստով իմացուող «անմեղութիւն»ը, սովորական՝ մարդկային բնական կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող մեղքեր չունենալու մասին չէ, այլ բացայայտ վկայութիւն մը՝ անոնց ամբասիր կեանքին կամ մաքուր նկարագրին: Խօսակցական մեր լեզուին վրայ բուսած արտայայտութիւններէն մէկն ալ այս մարդոց տրուած «անվնաս» կոչումն է, որ շատ պատուաբեր եւ հպարտառիթ անուանում է:
Վերոյիշեալ հասկացութեամբ ճանչցուած «անմեղ» մարդիկը, իսկապէս, ո՛չ միայն անվնաս ներկայութիւն են իրենց շրջապատին մէջ, այլեւ միաժամանակ ցաւակից բոլորին, եւ ի պահանջել հարկին՝ օգտակար ուրիշներուն:
Բարեսիրտ այս անձնաւորութիւններուն ներկայութիւնն է յաճախ, որ յիշեցում կը կատարէ մարդկութեան՝ ըսելու, թէ տակաւին կան բարի անհատներ, որոնք կը գործադրեն տիրաւանդ պատուիրանը. «Ինչ որ կ՛ուզէք մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց» (Հմմտ Մտ 7.12): Այսպիսի անձերու հանդիպելով, մարդ կը տարուի մտածելու, թէ այս անհատներուն գոյութենէն տեղեա՞կ են արդեօք բռնատէրներ, ոխակալներ, ոճրագործներ, ուրիշներու արեան ծարաւի եղողներ, նենգամիտներ, խաբեբաներ եւ, վերջապէս, այնպիսիներ, որոնք տիւ եւ գիշեր չարիք կը սերմանեն աստուածապարգեւ այս կեանքի բարեբեր ակօսներուն մէջ:
Վերջին այս մտորումներուն յանձնուած մարդիկ յաճախ ցնցում կÿապրին, երբ միշտ բարին մտածող եւ գործող անձերու անբուժելի հիւանդութեամբ տառապելու լուրը կը ստանան, կամ ականատես կ՛ըլլան անոնց տառապանքին, նոյն ժամանակ տեսնելով չարագործները այնքան առողջ, ու իրենց չար մտադրութեան հետամուտ…:
Նման երեւոյթներ պատճառ հանդիսացած են հաւասարակշռուած մարդոց մօտ հոգեկան ընդվզման՝ ընդդէմ տիեզերական արդարութեան: Նման պարագաներու, հաւատքի մէջ տկար անհատներ շուտով կ՛ընդդիմանան Արարիչին, համատարած արդարութեան խոր պահանջքով, բարի կամեցողութեան տէր մարդոց առողջ երկարակեցութեան ի խնդիր: Արդարը ինչո՞ւ տառապի, երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն կը գործէ: Արդար հարցում մը, որուն պատասխանը ո՛չ ոք կրնայ տալ այս կեանքին մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրները վեր են հողայնական իր ճակատագրին ենթարկուած մարդ էակին միտքէն: Փորձութիւնները, տառապանքը եւ այլ դժուարութիւններ աստուածային ծրագրին մէջ կրնան տուեալ տառապող մարդուն բարիքին ծառայել այնքան ատեն, որ յաւիտենական կեանքը խոստացուած իրականութիւն մըն է բոլոր արդարներուն, եւ որուն բնոյթը կարելի չէ՛ բաղդատել ֆիզիքական կեանքի պայմաններուն հետ:
Հինէն ի վեր սիրտը մարդկային խորհուրդներու եւ զգացումներու խտացման իբրեւ վայր ներկայացուած է, իսկ «մաքուր սիրտ» ունենալու փափաքը՝ բարի անձ ըլլալու եւ ոչ ոքի հանդէպ ոխ կամ քէն չունենալու հոմանիշ է: Հին ուխտի գրականութեան մէջ ալ այսպէս ըմբռնուած է սիրտը, որուն մաքրութեան համար աղօթք կը վերառաքէ Սաղմոսերգուն (Հմմտ Սղ 139.23):
Բարի, մաքուր ու անկեղծ մարդոց նկատմամբ, սակայն, շատ անարդար է այս աշխարհը: Իրենց մեղմ եւ խաղաղարար բնաւորութեան համար, անոնցմէ շատերը կը համարուին տկար ու զիջող անձեր: Խորքին մէջ, անոնց բարութիւնը եւ կատարած զիջումները այնքան հեռատես քաղաքականութեան նշան են, որ իրենց անմիջական զգացումներով գործող մարդոցմէ շատ աւելի զօրաւոր դիրքի վրայ կը կանգնեցնեն բարիները: Բարիներուն հոգեկան ներքին անդորրը եւ համբերատարութեան ոգին անչափելի կշիռքով ծանրութիւն ունին: Բարի եւ անկեղծ մարդիկ որքա՜ն խաղաղ եւ ներկայ կեանքի թոհուբոհէն դուրս անձեր են, որոնք կը յաջողին բոլորին նայիլ բարեկամաբար: Բարի անձնաւորութիւններու ներքին խաղաղութիւն ունենալու գլխաւոր դրդապատճառներէն մէկն է արտաքին ուժերու ալիքներուն վրայ ծփալը մերժելու քաջութիւնը: Կեանքի ալեկոծ ծովուն վրայ տատանող իրենց նաւակին մէջ, անոնք գտած են արդէն հանգիստը, առանց կարեւորութիւն ընծայելու արտաքին աղմկարար ալիքներու թափին: Դարձեալ, խօսակցական մեր լեզուին մէջ գործածական արտայայտութիւն մըն է՝ «ամէն գլուխէ ձայն մը կ՛ելլէ»ն: Կան շատե՜ր, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն այդ իւրաքանչիւր գլուխէ դուրս եկած ձայնը ո՛չ միայն լսելու, այլեւ ըսուածին կարեւորութիւն տալու…: Ճիշդ նման կացութեան իբրեւ պատասխան՝ փորձառու անձեր կ՛ըսեն. «Եթէ ամէն մարդու ըսածին ականջ տաս, ճամբադ կը կորսնցնես»: Մեծ ճշմարտութիւն մը կայ այս խօսքին մէջ թաքնուած: Այո՛, ո՛չ միայն ճամբադ կը կորսնցնես, այլեւ քունդ կը փախցնես:
Բարի եւ մաքուր մարդոց առաքինութիւններուն մաս կը կազմէ իրենց մասին ըսուած խօսքերը չլսելու տալը, կամ շուտով միւս ականջէն դուրս շպրտելը: Այս է գաղտնիքը, որ բարի եւ մաքուր վկայուած մարդիկ բոլորին հետ խաղաղութեամբ կ՛ապրին, իսկ անոնք, որոնք զիրենք տկար կը տեսնեն, կամ միամիտ, իրե՛նք են իսկական խեղճերն ու անմիտները…:
Բարի եւ մաքուր սիրտով մարդոց աշխարհայեացքը ամբողջութեամբ կը տարբերի սովորական մարդոց ունեցած աշխարհայեացքէն: Անոնց ներքին զօրութեան գաղտնիքը այն է, որ իւրաքանչիւր մարդու մէջ լաւը կը տեսնեն: Ինչպէս կ՛ըսուի՝ քննադատութիւնը սահման չի՛ ճանչնար, սակայն, մոլորակին վրայ ապրող իւրաքանչիւր անձ, վստահաբար, իր մէջ ունի լաւ կողմ մը, բնաւորութեան գովելի երես մը, որ երբեմն միայն բարի եւ մաքուր սիրտով մարդոց տեսանելի է:
Բարի եւ մաքուր սիրտով մարդոց հոգեկան առաւելութիւններէն մէկն է նաեւ այն, որ անոնք նոյնիսկ ոճրագործին կը նային իբրեւ ապագայ բարի սիրտի տէր անձ մը…: Ահա՛ թէ ինչպէ՛ս, այս երկրի վրայ, աստուածային առաքելութիւն կը ստանձնեն բարի եւ մաքուր սիրտով մարդիկ իրենց վարքով եւ խաղաղարար մօտեցումներով, մեղաւորին դարձի ճամբան նախապատրաստելով…:
Իւրաքանչիւր մեղաւոր եթէ իր մեղանչումին պատճառ մը ունեցեր է, նաեւ իր դարձին համար պատճառ պէտք է ունենայ: Երանի՜ անոր, որ կը յաջողի իր կեանքին ընթացքին նոյնիսկ մէկ մեղաւորի դարձին պատճառ ըլլալ, իսկ եթէ այդ մեղաւորը ի՛նքն է, շատ աւելի մեծ արժանիք պիտի համարուի իր կատարած ինքնադարձը դէպի փրկութիւն…:
Փրկութեան համար իբրեւ հոմանիշ՝ կրնանք գործածել խաղաղութիւն բառը: Եթէ հոգեպէս խաղաղ կը զգաս՝ ուրեմն փրկուած ես, որովհետեւ ներքին խաղաղութեան բացակայութիւնն է, որ դժոխքի իրավիճակ կը ստեղծէ ներսիդիդ: Հոգեկան տառապանքը շատ աւելի ցաւատանջ է, քան ֆիզիքականը, որքան ալ հակառակը պնդեն նիւթապաշտ մարդիկ:
Բարի եւ մաքուր մարդոց ապրած խաղաղութիւնը, ա՛յս աշխարհի վրայ իսկ, երանելի՜ վիճակ մըն է՝ ճիշդ նախատիպը այն երանութեան, որուն երազով կ՛ապրի իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդ: