ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր մանկան ծնունդէն իսկ առաջ, անոր ծնողները կը մտածեն, թէ ի՛նչ անունով պիտի կոչեն իրենց զաւակը: Ոմանք հարազատներու եւ ծանօթներու կարծիքը կը հարցնեն, ուրիշներ կը դիմեն մասնաւոր հրատարակութիւններու, որոնք այբբենական շարքով, մեր պատմութենէն քաղուած անձնանուններ կը ներկայացնեն ծնողներուն, քաջալերելով հայկական անուններու գործածութիւնը: Այս բոլորը երբեմն բաւարար չեն ըլլար, եւ հայ ծնողներ իրենց զաւակները կը կնքեն օտար անուններով:
Կան նաեւ ծնողներ, որոնք ականջին գեղեցիկ հնչող անուններ կ՛ընտրեն, երբեմն իրենք իսկ կը հնարեն անուններ, որոնք արտասանական նրբութիւն ունենան եւ հայուն ու օտարին կողմէ դիւրութեամբ արտասանուին: Որոշ ծնողներու «մտահոգութիւն»ն ալ հասկնալի է, որ իրենց զաւակին տրուած անունը յանկարծ այլ լեզուի մէջ տգեղ իմաստ չունենայ, նմանաձայն բառ մը յիշեցնելով:
Չեմ գիտեր եթէ ոեւէ մէկը ցարդ հանդիպած է (որովհետեւ մինչեւ այսօր ես չեմ հանդիպած) օտարականի մը, որ իր զաւակին հայկական անուն տուած ըլլայ. իսկ այն մտահոգութիւնը, թէ օտարներ դժուարութիւն կրնան ունենալ իրենց զաւակին հայկական անունը հնչելու, պէտք է ունենային մեզմէ առաջ ասիական ցեղերու պատկանողներ, որոնց ամէնէն տարօրինակ անունները բոլոր օտարները կ՛արտասանեն, եւ այնքան զգուշաւորութեամբ, որպէսզի սխալ չհնչեն զանոնք:
Քանի մը տասնամեակներու նորութիւն է նաեւ նորածինները երկու անուններով կնքել: Պատճառները բազմաթիւ են, սակայն հիմնականները՝ քանի մը հատ: Առաջին՝ հայկականին կողքին օտար անուն մը եւս: Երեխան մեծնալուն, անոնցմէ մին իր նախընտրութեամբ կրնայ որոշել՝ իբրեւ իրեն համար գործածական անուն: Երկրորդ հիմնական պատճառը այն է, որ հայկական անունը կրնայ հին ըլլալ, ուստի անոր նորաձեւ կոչումը կ՛աւելցուի իբրեւ երկրորդ անուն, որպէսզի անիկա գործածական անունը ըլլայ: Պատճառները շատ են, սակայն գլխաւորներէն մէկը կը հանդիսանայ նաեւ ժառանգական խնդիրը: Անունի եւ մականունի հարցերը, յատկապէս արեւելեան երկիրներու մէջ մեծ հարցեր են, որոնք գերդաստանի նախահայրերուն թողած հարստութեան օրինական ժառանգորդները ըլլալու կարեւոր փաստեր կը նկատուին: Ուստի, անոնց անսխալ գրութիւնը, եւ երբեմն մեծ հօր անուան կրկնութիւնը ըլլալը՝ կը նպաստեն հարցի շուտափոյթ հարթման:
Հանդիպած եմ անձերու, որոնք տակաւին չամուսնացած՝ մտածած են իրենց ունենալիք երեխայի կամ երեխաներու անուան կամ անուններուն մասին…։ Երանելի՜ եւ երջանի՜կ մարդիկ…։ Իսկապէս նախանձելի է անոնց հեռանկարային քաղաքականութիւնը, որմով կրնան իրենց սերունդներու յաջորդականութիւնը երեւակայել. մէկ խօսքով, իրենց անմահութեան ուղին սալարկել:
Ամուսիններու միջեւ խռովութիւններու պատճառներէն մէկը կարելի է համարել նաեւ զաւակներուն տրուելիք անուններու շուրջ եղած վիճաբանութիւնները: Կինը նորարարութիւն բերելու իր նախընտրութեամբ, իսկ այր մարդը իր ծնողներուն յիշատակը յաւերժացնելու եւ անոնց կենդանութեան իսկ զանոնք ուրախացնելու բարի հեռանկար ունենալով, անհամաձայնութեան կը յանգին, երբեմն կռիւով աւարտելով խնդիրը:
Քիչ չեն նաեւ օրինակները համեստ եւ կրթեալ կանանց, որոնք շատ իմաստութեամբ եւ իրենց ամուսնոյն նկատմամբ ունեցած սիրոյ բացառիկ նշան հանդիսացող խոնարհութեամբ կը հետեւին անոր ծրագիրին, ընդունելով իրենց ամուսնոյն տուած որոշումը երեխայի անուան գծով:
Անուան կարեւորութիւնը կը շեշտուի նաեւ այն ատեն, երբ երկու անծանօթ անձեր իրարու կը հանդիպին, երբեմն շատ պատահաբար: Անոնք իրենց անունները կ՛ըսեն իրարու, որ առաջին քայլը կ՛ըլլայ ծանօթացման: Շարքը կարելի է երկարել, ըսելու համար, որ բոլոր պաշտօնական վայրերու մէջ, երբ որեւէ արձանագրութիւն պիտի պահուի, անուն-մականունի ճշգրտութիւնը շատ կարեւոր է, առաջքը առնելու համար ապագայ բազմաթիւ դժուարութիւններու:
Անձնանուններու ներկայացուցած սովորական իմաստէն բացի, անոնք նաեւ խորքային իմաստ ունին, որ տուեալ անձին նկարագիրին հետ կը միաձուլուի: Այսինչ անունը կրող անձը կրնայ վատ մէկը ըլլալ, սակայն նոյն անունը կրող ուրիշ մը՝ շատ լաւ անձ: Նայած թէ ո՞ր մէկուն ծանօթացած ես նախ, որուն թողած վատ տպաւորութիւնը նաեւ փոխանցուած կ՛ըլլայ անոր անուան: Երբ այդ անունը տրուի տեղ մը, դուն անմիջապէս կը մտաբերես այդ վատ անձը, որ իր ամբողջ հասակով կը կանգնի մտապաստառիդ դիմաց: Կան հոգեբանական վարժութիւններ, որոնք նման շփոթի մը մէջ գտնուող մարդոց համար օգտակար են, որպէսզի նոյն անունը կրող լաւ մարդը իրենց մտքին մէջ վատին հետ չնոյնանայ: Լաւին ձայնը, կատարած բարիքներուն վերյիշումը եւ այլ միջոցներ, հետզհետէ կը հաւասարակշռեն մարդոց միտքը, նոյնանուն իւրաքանչիւր անձի տալով իրեն յատուկ տեղը:
Անունդ բնականօրէն կապ կ՛ունենայ կնոջդ հետ: Անոր պատիւը քո՛ւ պատիւն է: Ուստի, անունիդ նկատմամբ ունեցած բծախնդրութեան կարեւոր աշխատանքիդ մաս կը կազմէ նաեւ այդ անունին բիւրեղեայ մաքրութիւնը:
Անունդ կրնայ առնչութիւն ունենալ ըլլալ նաեւ դրամի հետ: «Նիւթապաշտ», «վաշխառու», «դրամասէր», «ագահ», «փերեզակ» եւ դեռ բազմաթիւ ածականներ կրնան շարուիլ անուանիդ դիմաց, քեզ ներկայացնելու համար հանրութեան:
Ընդհանրապէս քու բացակայութեանդ օգտագործուող «տիտղոս»ներ են անոնք, որոնք կրնան մինչեւ իսկ քու յաջորդ սերունդը վարկաբեկուելուն պատճառ հանդիսանալ:
Անունդ կրնայ առնչութիւն ունենալ նաեւ զաւակներուդ անուներուն հետ: Անոնց յաջողակ կամ ձախողած անձեր ըլլալո՛վ՝ մարդիկ քեզ կը պիտակաւորեն: Տակաւին աւելին՝ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին անառակ ըլլալը ուղղակի կը կապեն դաստիարակութեանդ հետ, որ զլացած ես տալ ժամանակին:
Անունդ կրնայ առնչութիւն ունենալ նաեւ անմահութեան հետ…։
Ինչ անուն ալ տրուած ըլլայ քեզի այս կեանքիդ համար, եթէ բախտաւոր ըլլաս, օր մը անիկա պիտի գրուի տապանաքարիդ վրայ: Կը կրկնեմ՝ եթէ բախտաւոր մէկն ես, որովհետեւ շատեր ո՛չ միայն տապանաքար, այլեւ գերեզման իսկ չեն ունեցած: Անյայտ կորածներու, գերութեան մէջ սպաննուածներու, ծովային կամ օդային արկածներու հանդիպած զոհերու պարագային այդպէս չէ՞: Աւելին, տապանաքարի վրայ գրուած անունն իսկ համեմատական բախտաւորութիւն կրնանք համարել, որովհետեւ պատերազմական դրութեանց եւ գաղթերու բերմամբ դատարկուած հողատարածքներու մէջ գտնուող գերեզմանատուներն անգամ զերծ չեն մնար կործանարար ձեռքերու հարուածներէն, որոնք իրենց վրէժը կը լուծեն, երբեմն տասնամեակներ առաջ մահացած մարդոց մոխրացած աճիւններէն, դարձեալ արեւու լոյսին հանելով զանոնք: Քարի վրայ արձանագրուած անուններն ալ՝ այսպէ՛ս կը փճանան:
Անմահութեան հետ կապէ անունդ… որովհետեւ Կենաց Գրքին մէջ արձանագրուածը ո՛չ ոք կրնայ ջնջել: Ձեւերուն մասին կրնաս մտածել, որովհետեւ հաւատքդ եւ ներքին ձայնդ՝ խիղճդ միշտ ունիս, իբրեւ երկուորեակ ուսուցիչներ կեանքի: