ԱՆԹԱԼԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Թրքախօս երկիրներու 10րդ համաժողովը, որ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21ին աւարտեց իր աշխատանքը Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ, որոշում կայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ։
Ընդունուած փաստաթուղթին մէջ կ՚ըսուի, որ բոլոր թրքախօս պետութիւններուն դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի առնչութեամբ միասնական է՝ «Հայաստան պէտք է առանց որեւէ նախապայմանի հեռանայ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն»։
Եթէ Հայաստան չպարպէ Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածքները», ապա, ըստ փաստաթուղթին, «ամբողջ թրքախօս աշխարհը պիտի համախմբէ իր ջանքերը այդ ուղղութեամբ»։
Յիշեցնենք, թէ համաժողովին բացման արարողութեան ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան գրաւեալ Կիպրոսի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն մէջ միացեալ ճակատ կազմելու կոչ ըրած էր թրքախօս երկիրներուն:
Համաժողովին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մասին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան «երբեք թոյլ պիտի չտայ հայկական երկրորդ պետութեան մը ստեղծումը իր հողերուն վրայ»։