Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ իր պաշտօնավարութեան առաջին վեց տարիներուն վայելած էր Հանրապետական կուսակցութեան հակակշռին տակ գտնուող Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ամբողջական աջակցութիւնը, ան պէտք չէր ունեցած գործածելու նախագահի մը ամենաազդու զէնքերէն մէկը՝ վէթոն:
Սակայն, նախագահին վարկին աստիճանական անկումին, Իրաքի պատերազմին ձախող ընթացքին հետեւանքով անոր համախոհներու թիւին նուազումին եւ 2006ի քոնկրէսական ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութեան կրած պարտութեան պատճառով ան վերջերս արդէն իսկ չորս առիթներով փոշիներու տակէն հանեց այդ զէնքը՝ իր կամքը պարտադրելու նպատակով:
Վերջին անգամ ան այս միջոցառման դիմեց՝ կասեցնելու համար կարօտեալ երեխաներու առողջապահութեան ապահովագրութեան պետական-նահանգային միացեալ ծրագրին ընդարձակման ընդունումը:
Պուշի որոշումը ակնկալելի էր, որովհետեւ հանրապետականները ընդհանրապէս կ’ընդդիմանան ընկերային տարրական սպասարկութիւններն իսկ պետականացնելու կամ նոյնիսկ պետականացման նմանցնելու փորձերուն: Սակայն այս օրերուն, երբ հսկայ պարտքերու տակ կքած պետութիւնը կը շարունակէ հարիւրաւոր միլիառներ յատկացնել Իրաքի ու Աֆղանիստանի պատերազմներուն, կը շարունակէ տուրքերու առատաձեռն կրճատումներ կատարել իւրաքանչիւր տարեշրջանի քառորդին տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ դիզող ուժանիւթի ընկերութիւններուն եւ աստիճանաբար աւելի նուազ համեմատութեամբ տուրքեր կը գանձէ եւ կամ անոնցմէ խուսափելու առիթներ կ’ընծայէ իր ամենահարուստ քաղաքացիներուն, միայն դատապարտել կրնանք նախագահին այն հաստատումը, թէ Դեմոկրատ կուսակցութեան հակակշռին տակ գտնուող Քոնկրէսին կողմէ առնուազն երկրին կարօտեալ երեխաներուն օժանդակելու այս փոքր քայլը անտեղի շռայլանք մըն է:
Ամավարկին մէջ յառաջիկայ հինգ տարիներուն տարեկան միայն 7 միլիառ տոլարի յաւելում մը պահանջող այս օրինագիծին գումարը ծիծաղելի է՝ բաղդատած երկիրն ռազմական ծրագիրներուն համար մսխուող գումարներուն հետ, որոնց շնորհած «բարիքներ»ը առնուազն հարցական են: