ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Քրէական եւ զինուորական գործերով վերաքննիչ դատարանը Դեկտեմբեր 27ին մերժեց «Ազատագրուած տարածքներու պաշտպանութիւն» հասարակական նախաձեռնութեան համակարգող Ժիրայր Սեֆիլեանի խափանման միջոցը փոխելու դիմումը:
Այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Արմէն Եղեան: Ան նշեց, որ այդ որոշումին դէմ պիտի բողոքեն վճռաբեկ դատարանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ժ. Սեֆիլեան ձերբակալուած է բռնի ուժով իշխանափոխութեան կոչեր ընելու մեղադրանքով եւ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքի առաջին ատեանի դատարանը որոշած էր զինք 2 ամիս արգելափակել: