ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անօթեւաններու ժամանակաւոր կացարանին մէջ այժմ կը բնակին 31 անօթեւաններ եւ այս՝ անոնց միակ կացարանն է ձմրան ցուրտէն պաշտպանուելու համար:
Ըստ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան տարեցներու եւ հաշմանդամներու վարչութեան պետ Ճեմմա Բաղդասարեանի՝ կացարանը նախատեսուած է 30 հոգիի համար, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ աւելին ընդունիլ:
Անցեալ տարի կացարանին մէջ բժշկական օգնութիւն ստացած եւ ժամանակաւորապէս բնակած են 350 անօթեւաններ: