ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 8ին Ծաղկաձորի մէջ բացումը կատարուեցաւ աշխարհահռչակ մանրաքանդակագործ Էտուարտ Ղազարեանի հրաշալիք նկատուող գործերու ցուցահանդէսին:
«Հրաշքներու աշխարհ» խորագիրով ցուցահանդէսին մէջ, որ պիտի տեւէ շուրջ մէկ ամիս, ներկայացուած են 17 մանրաքանդակներ: Է. Ղազարեան տարիներու ընթացքին ստեղծած է աւելի քան 600 մանրաքանդակ: Ընտրելով բնութեան մէջ չքայքայուող նիւթեր՝ ոսկի, լսնոսկի (փլաթին), ան քանդակած է նաեւ բրինձի հատիկի, մարդու մազի, թանկարժէք քարերու փոշեհատիկներու վրայ, օգտագործած է նաեւ ձուկի թեփուկներ, կենդանիի մազ:
Է. Ղազարեանի խոշորագոյն նուաճումը մանրանքադակագործութեան նոր ուղղութեան՝ շարժուն մանրաքանդակներու ստեղծումն է: Այս աշխատանքները մինչ այսօր կը մնան չգերազանցուած. «Անտեսանելի միքրոմարմինները շարժւում են՝ կատարելով ոչ համաժամանակեայ շարժումներ, ոչ մի շարժում չի կրկնւում: Սրան հասնելու համար 20 հազար փորձ եմ կատարել», ըսաւ Է. Ղազարեան:
Նշենք, որ Է. Ղազարեանի գործերը ցուցադրուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
Ան երկար տարիներ եղած է Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր երաժիշտներէն եւ վերականգնած է հնագոյն երաժշտական գործիքներու քառեակը՝ 120 արձագանգիչ ունեցող լարային երգեհոնը: