ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծ (ՀԱՆ) ամերիկահայ բարեսիրական կազմակերպութիւնը Փետրուար 19էն մինչեւ Մարտ 15, Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքին մէջ բնակչութեան պիտի տրամադրէ աչքի ձրի քննութիւններ:
Այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Նունէ Եղիազարեան եւ նշեց, որ նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորեն ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (ՄԶԳ) եւ ՀԱՆի առաջնային եւ ակնաբուժական սպասարկութիւնը:
Այս ծրագիրով, աչքի քննութիւններ պիտի կատարուին համայնքի 15 դպրոցներու, 15 մանկապարտէզներու, 3 բարեսիրական ճաշարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ թաղապետարանին մէջ՝ համայնքի չքաւոր խումբերու համար: Ն. Եղիազարեան նշեց նաեւ, որ վերջերս ՀԱՆը աւարտած է իր գործունէութիւնը Արարատի մարզին մէջ, ուր քննութեան ենթարկուած է 13,765 հոգի, որոնցմէ 8084ը երեխայ: 1080 հիւանդ ղրկուած է աչքի շարժական հիւանդանոց՝ յաւելեալ քննութիւններու եւ դարմանումի համար, 349 հոգի վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած են իսկ 124 ուրիշներ՝ լէյզըրով դարմանուած:
Մարտէն սկսեալ, կազմակերպութիւնը աչքի քննութիւններ պիտի կատարէ Կոտայքի, Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ: Նշուեցաւ նաեւ, որ ՀԱՆը կը շարունակէ իր աշխատանքները Ս. Մալայեանի անուան ակնաբուժական կեդրոնին մէջ «աչքի շտեմարան» հիմնելու ուղղութեամբ: Ան պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ միակը եւ պիտի զբաղի աչքի հիւսուածքներ ձեռք բերելով եւ պատուաստելով:
Նշենք, որ ՀԱՆը հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1992ին՝ ակնաբոյժ Ռաճըր Օհաննէսեանի կողմէ, իսկ կազմակերպութեան երեւանեան գրասենեակի բացումը կատարուած է 2002ին: