ՄԻՆՍՔ, «Արմէնփրէս».- Ապրիլ 25-26ին, Ասթանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀի երկիրներու ուժային նախարարներու համակարգող խորհրդակցութիւնը, ուր պիտի քննուի 2006ի գործունէութեան հաշուետուութիւնը եւ հաստատուի ԱՊՀ երկիրներու գործակցութեան հետագայ զարգացման գործունէութեան ծրագիրը:
Հանդիպման մասնակիցները պիտի քննեն ռազմական արհեստագիտական գործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ այդ բնագաւառի հիմնախնդիրները եւ հեռանկարները: