ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի Ապու Ղրէյպ բանտին մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու հարցով բացայայտուած գայթակղութեան հարցով ամբաստանուած միակ սպան՝ Սթիւ Ճորտըն, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին խուսափեցաւ պատիժէ՝ միայն յանդիմանութիւն մը ստանալով, հակառակ այն իրողութեան, որ ան կրնար հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ ու հեռացուիլ զինուորական ուժերէն:
Զինուորական ատեանի մը դատակազմը սպային միակ յանցանքը համարեց այն իրողութիւնը, որ ան բանտին մէջ տեղի ունեցած գայթակղութեան մասին կարգ մը յայտարարութիւններ կատարած էր, հակառակ զինուորական ուժերուն այն որոշումին, թէ այդ հարցին հետախուզական աշխատանքներուն մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն պէտք է կատարել:
Միջազգային համայնքին ու մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեան կողմէ դատապարտուած բանտային չարչարանքներուն հարցով ցարդ միայն քանի մը զինուորներ մեղմ պատիժներ ստացած են, մինչ իշխանութիւնները կը մերժեն բարձրաստիճան հրամանատարներ պատասխանատուութեան կանչելու կոչերը: