ՃԱՔԱՐՏԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի օգնականներէն Նապիլ Շաաս Ուրբաթ օր Ինտոնեզիոյ մէջ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ, խիստ պաշարման տակ պահելով Կազան, պատճառ կը դառնայ, որ տուեալ շրջանը սովահար ըլլայ:
Շաաս, որ Ապպասի կողմէ յատուկ առաքելութեամբ Ինտոնեզիա կ’այցելէր, մարդասիրական օժանդակութեան կոչ ուղղեց եւ պահանջեց, որ միջազգային համայնքը միջոցներ ձեռք առնէ, վերջ տալու համար իսրայէլեան շրջափակումին:
Պաղեստինցի դիւանագէտը լրագրողներուն ըսաւ, թէ Ինտոնեզիոյ նախագահը ամբողջութեամբ կը զօրակցի պաղեստինեան միասնականութեան ու իսրայէլեան գրաւման դէմ պայքարին: Ան աւելցուց, թէ պաղեստինցիներու ներքին բաժանումը տկարացուցած է անոնց բանակցելու դիրքերը եւ թէ Ապպաս իր կարելին կ’ընէ, որպէսզի վերջ տրուի երկփեղկումին:
«Կազան եւ Արեւմտեան Ափը պաղեստինցի ազգին երկու անբաժան թեւերն են», ըսաւ Շաաս: