Հինգշաբթի, 2 Փետրուարի կէսօրին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմը ներկայացնող յատուկ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանէ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանէ եւ փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանէ՝ մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռոյ կեդրոն Անթիլիաս, Լիբանան:
Մայրավանք իրենց կեցութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը եւ ժողովականները հանդիպումներ պիտի ունենան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, ապա միասնաբար պիտի եզրակացնեն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմ շնորհուելիք հովուապետական օրհնախինդ այցելութեան մանրամասնութիւնները:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ