
Տէրունաւանդ սիրով եւ ազգային պայծառ ապրումներով կ՛ողջունենք 95ամեայ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանէն ներս հիմնադրութեան 55րդ տարեդարձը եւ կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ազգի ու հայրենեաց կեանքին մէջ միշտ բարձր հնչէ հայկական մշակոյթի հոգեւոր եւ ազգային ղօղանջը, եւ անխափան շարունակուի աշխարհատարած Համազգայինի բոլոր մարմիններուն, միաւորներուն ու գեղարուեստական խումբերուն ազգանպաստ եւ մշակութանուէր գործունէութիւնը:
Արդարեւ, Համազգայինը եզակի ողջոյնի եւ յատուկ գնահատանքի արժանի միաւոր է ազգի ու հայրենիքի մշակութային եւ կրթական կեանքէն ներս: Լայն է անոր աշխատանքային դաշտը. հայոց ոգեղէն դարաւոր արժէքներէն մինչեւ հայրենեաց բարբառ ու Ոսկեղնիկի զոյգ լեզուաճիւղեր, տոհմական բարքեր ու աւանդութիւններ, գիտապատմական եւ արուեստի զանազան բնագաւառներ, հայկական երգ ու պար, բանաստեղծական խօսք ու թատրոն, նկարչութիւն ու շարժապատկեր, որոնք հայերէնով կը բարբառին եւ հայութեան մասին կը պատմեն, այլեւ մեր ազգային ոգին ու համահայկական իտէալները նրբագեղ բանուածքով մը կը զօդեն իրարու՝ ե՛ւ Հայաստան-Արցախի, ե՛ւ ներքին ու արտաքին սփիւռքներու մշակութային ու կրթական բազմաթիւ ծրագիրներու ընդմէջէն: Եւ այս բոլորը՝ հայրենեաց ու աշխարհատարած համազգայնականներու աշխատանքային շքեղ համադրումով, որ ազգի կեանքին կ՛ընծայէ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու ներուժ ու մշտանորոգ ապրում՝ հայ խօսքն ու արուեստը մղելով դէպի նոր ու արդիական ուղիներ:
Յատկապէս ա՛յս իմաստով մեծապէս գովելի կը մնան մեր շրջանին մէջ գործող Համազգայինի դերն ու արձանագրած նուաճումները անցնող կէս դար եւ աւելի տարիներուն՝ որոնց ընդմէջէն տեղւոյն Համազգայինը իր մասնաճիւղերով, միաւորներով ու նուիրեալներու բանակով մշակութային ու կրթական առաքելութիւն իրականացուց՝ հայ նոր սերունդները առաջնորդելով դէպի ազգային ակունքներ եւ հայկական մշակոյթ: Մօտիկ անցեալին, այս միութիւնը մեր շրջանը գաղթող հայորդիներուն համար նաեւ եղաւ հոգեւոր ու ազգային վառարան եւ մշակութային առանցք, որուն շուրջ խմբուեցան տարբեր երկիրներու հայեր եւ կազմեցին գրականութեան, պարի, երաժշտութեան, թատրոնի ու կերպարուեստի զանազան ճիւղերու հետզհետէ ուռճացող խումբեր, որոնք գերազանցապէս կամաւոր աշխատանքով՝ Համազգայինի աւանդապահ հայեացքները օծեցին նոր ժամանակներու շունչով եւ բերին կարեւոր նպաստ՝ այս ափերուն հասակ առած նոր սերունդի զաւակներն ու օտարազգի բարեկամ շրջանակները ծանօթացնելով հայկական աւանդոյթներուն, այլեւ պատմական ու ներկայ Հայաստանի դարեդար տեւող մշակոյթին: Արդար է ընդգծել, որ մեզ շրջապատող օտարները հայն ու Հայաստանը ճանչցան նա՛եւ Քալիֆորնիոյ տարածքին գործող Համազգայինի մասնաճիւղերու, միաւորներու եւ արուեստի խումբերու գործունէութեան ու ելոյթներու ճամբով, այլեւ տեղական ու նահանգային մակարդակի զանազան տօնախմբութիւններու ընթացքին անոնց բերած հայադրոշմ բարձրորակ արուեստով:
Այսօր ոսկեայ հպարտառիթ 55ամեակն է՝ Շանթի, Աղբալեանի, Օհանջանեանի եւ Իփէկեանի պէս հայ մշակոյթի երբեմնի ոսկի գործիչներու հեռանկարային մտայղացումով ստեղծուած Համազգայինի մեծ ընտանիքի Արեւմտեան շրջանին: Արդարեւ, ոսկեայ յոբելեան եւ առաւել հի՛նգ տարի: Բայց եւ այնպէս, համայնքային մեր կեանքի ձեւաւորման մէջ իր գնահատելի վաստակը ունեցող Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը այսօր կը գտնուի ծանր կացութեան առջեւ, որովհետեւ տակաւին չունի իր սեփական շէնքը, իր հարազատ տունը: Հետեւաբար, անիկա մեր շրջանի անտունին է եւ մեծ կարիքաւորը, որուն պէտք է օգնութեան ձեռք երկարել, որպէսզի կարելի ըլլայ միութենական շէնքի մը սեփականատէրը դառնալու համազգայնական քանի մը սերունդի երազը համայնակա՛ն ճիգերով իրականացնել:
Թող որ յարատեւելու կամքով զինուած Համազգայինը մեր շրջանին մէջ արժանաւորապէ՛ս ապրի նոր ծաղկունք բոլոր-բոլորին նիւթական զօրակցութեամբ եւ գոյատեւէ՝ իբրեւ հայապահպանման կարեւոր գործօն ու պատուաբեր միութիւն:
Բարի նոր 55ամեակ ազգանուէր ու հայակեդրոն Համազգայինին: Վարձքը կատար հին ու նոր բոլոր համազգայնականներուն, մշակութասէր կամաւորներուն եւ ազնիւ բարերարներուն:
Աղօթարար՝
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի