Երեքշաբթի երեկոյեան, «Ասպարէզի» խմբագրատուն եւ «Հորի-զոն» հեռատեսիլի կայան այցելեց Քանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն քհնյ. Վասիլեանի:
Սրբազանը յայտնեց, թէ Լոս Անճելըս կը գտնուի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային վարչութիւններու ժողովին մասնակցելու նպատակով:
Սրբազան հօր հետ շահեկան խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդութեան եւ մանաւանդ հայեցի կրթութեան առնչուող հարցերու ու նոյն ծիրէն ներս՝ եկեղեցւոյ խաղալիք դերին մասին: Խօսակցութեան ընթացքին նաեւ շեշտուեցաւ, թէ հայեցի դաստիարակութիւնը համակարգում պահանջող համապարփակ հասկացութիւն է, ուր ընելիք ունին դպրոցը, ծնողները, եկեղեցին, միութիւնները, կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ տպագիր ու եթերային մամուլը: