Ազգային առաջնորդարանս ցաւով իմացաւ ազգային բարերար Չարլզ Քէյեանի մահուան գոյժը։
Չարլզ Քէյեան բարեսիրտ ու ազնիւ հայորդի մըն էր, որ բարերարութիւններ կատարած է առանց մեծ յայտարարութիւններու։ Անոր բարերարութիւնները բաշխուած են ազգային «Մեսրոպեան» երկրդ. վարժարանին, Ֆրեզնոյի Հայկական համագաղութային վարժարանին ու USC համալսարանի Հայկական հետազօտութեանց կեդրոնին վրայ։
Այս տխուր առիթով, թեմիս առաջնորդ սրբազանը ցաւակցական գիր յղեց հանգուցեալի քրոջ՝ Ազգ. առաջնորդարանի բարերարներէն Ռոզ Քասիմեանի։