ՔՈՒԱԼԱ ԼԱՄՓՈՒՐ, «Ռոյթըրզ».- Մալեզիոյ այգիներէն մէկուն մէջ վերջերս 11 պահակ շուներ կուլ տուած փայթըն տեսակի հսկայ օձ մը վերջապէս բռնուած է գիւղացիներու կողմէ, որոնք զայն ծառի մը կապելէ ետք իշխանութեանց լուր տուած են:
Նկարին մէջ, խումբ մը բացայայտօրէն հրճուած գիւղացիներ կը ցուցադրեն 7.1 մեթր (23 ոտք) երկարութեամբ օձը: