ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Միացեալ Նահանգներու տարածքին անտուն քաղաքացիներու նեցուկ կանգնող կազմակերպութեան մը կատարած ուսումնասիրութեան համաձայն, առնուազն 750,000 անտուն ամերիկացիներ կան երկրին տարածքին, աւելցնելով, թէ այդ թիւը շատ հաւանաբար աւելի մեծ է, որովհետեւ յաճախ տեղափոխուող ժողովուրդին այս խաւին ճշգրիտ մարդահամար մը կատարելը շատ դժուար է: Ըստ կազմակերպութեան, անտուն քաղաքացիներուն 56 տկոսը կը քնանայ ապաստանարաններու կամ ժամանակաւոր բնակարաններու մէջ: Նաեւ, անոնց 41 տոկոսը ընտանիքներէ բաղկացած է: Անտուն ընտանիքներու թիւը 100,000ով կը գնահատուի:
Ալասքա, Քոլորատօ, Հաուայի, Նեւատա, Ռոտ Այլընտ, Քալիֆորնիա, Օրիկըն եւ Ուաշինկթըն ամենաբարձր համեմատութեամբ անտուն քաղաքացիները ունին:
Անցեալին կատարուած այլ ուսումնասիրութիւններ անտուն քաղաքացիներուն թիւը 3 միլիոնի մօտ գտած էին:
Նկարին մէջ, անտուն ամերիկացի մը մայրաքաղաքին մէջ, Սպիտակ տուն տանող ճամբու մը վրայ: