ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակը հաղորդեց, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով, իբրեւ նշան սուգի եւ զօրակցութեան, Քալիֆորնիոյ թէ՛ խորհրդարանը եւ թէ ծերակոյտը առկախեցին իրենց նիստերը:
Այս առիթով դատապարտումի խօսքեր ըսին նահանգային խորհրդարանի անդամներ Փօլ Գրիգորեան եւ Կրէկ Աղազարեան, ինչպէս նաեւ նահանգային ծերակուտական Ճէք Սքաթ: