ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի գիւղական ճանապարհներու վերանորոգման համար, Ասիական զարգացման դրամատունը պիտի տրամադրէ 30 միլիոն տոլարի վարկ:
Այս մասին դրամատան ու փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուեցաւ Նոյեմբեր 29ին: Ըստ նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի, նշուած գումարով պիտի վերանորոգուին ընդհանուր առմամբ 260 քիլոմեթր երկարութեամբ գիւղական ճանապարհներ:
Ա. Մանուկեան նշեց, որ վերանորոգման ենթակայ ճանապարհները պիտի որոշուին մինչեւ յաջորդ տարուան Մայիս ամիսը, իսկ 2008էն պիտի սկսի ծրագիրի իրականացումը:
Նշենք, որ այժմ Հայաստանի ճանապարհային ցանցը ունի 7700 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութիւն, որմէ 1560 քիլոմեթրը՝ մարզերը իրարու կապող, 1800 քիլոմեթրը՝ շրջանները գլխաւոր մայրուղիներուն կապող երկրորդական ճանապարհներ, իսկ 4320 քիլոմեթրը՝ գիւղական համայնքներուն ծառայող տեղական նշանակութեան ճանապարհները: Ըստ փորձագիտական գնահատականի, տեղական ճանապարհային ցանցի 61%ը կը գտնուի վատթար, 28%ը բաւարար, իսկ 11%ը լաւ վիճակի մէջ: