
Թաւրիզեան Նամականի
Թաւրիզ, 15 Նոյեմբեր 1922
Կտրուած ենք Կովկասէն, մանաւանդ Սիւնեաց աշխարհէն։ Չլինէր Պաթում-Ջուլֆա երկաթուղագիծը, անկասկածօրէն Կասպից ծովէն մինչեւ Սեւ ծով տարածուող աշխարհամասը մեզի համար պիտի մնար գաղտնիքներու երկիր մը։
Արգիլուած պտուղն է խորհրդային աշխարհը, իսկ մենք արգիլուած պտուղին գերիները։ Քանի մեծամասնական (պոլշեւիկ) իշխանութիւնը կը խստացնէ իր արգելքները, այնքան աւելի կ՛ուժեղանայ մեր անմեղ ցանկութիւնը, ժամանակէ ժամանակ տեղեկութիւններ կորզելու մեր հայրենիքի եւ մեր արենակիցներու ապրած կեանքին մասին։
Այս անգամ իմ տեղեկութիւնները կը վերաբերին Սիւնեաց աշխարհին։
Բացի մէկ քանի սեղմ շրջաններէ, ամբողջ Լեռնահայաստանը ցորենի հունձքի տեսակէտէ շատ աղքատ է։ Իսկ այս տարի մասնաւորապէս, անոր վիճակը շատ վատ է։
Մարախը բոլորովին փճացուց Ղափանի եւ Զանգեզուրի շրջանները։ Չի գիտցուիր, թէ ուրկէ՞ եկաւ այդ աղիտաբեր միջատը։ Կասկած կայ, որ Գարատաղէն կամ Մուղանէն եկած ըլլայ։ Զանգեզուրի հայութիւնը քիչ մը շունչ առաւ, երբ 40 հազար փութ (ռուսական հին չափ, մօտաւորապէս 40 փունտ) ցորեն ղրկուեցաւ այնտեղ Երեւանէն, դժբախտ ժողովուրդին բաժնելու համար։
Բայց այդ չնչին օգնութիւնը չէ կրցած ժողովուրդին ցաւերը ամոքել։ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած է վերջերս, ինչպէս ամէն տեղ, Լեռնահայաստանի մէջ եւս մեծ քանակութեամբ տուրքեր հաւաքել։ Այսպէս, միայն Դալարագեազէն հաւաքուած է 60 հազար փութ ցորեն եւ դեռ 40 հազար ալ կը պահանջէ։ Փոքրիկ գաւառի խեղճ ժողովուրդը հարկադրուած է սովահար ապրիլ՝ ահագին քանակութեամբ արմտիք տալու համար կառավարութեան։
ՎԱՀԱՊ
Յունուար 30, 1923, թիւ 927