ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը հաստատած է ատրպեճանական բանակի զինուոր Էլտանիզ Նուրիեւի ձերբակալութեան լուրը: Ան վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին կողմէ յանձնուած էր Ատրպէյճանին:
Ըստ «Ազերի փրէս» գործակալութեան, Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը պարզաբանած է, որ Է. Նուրիեւ մեղադրուած է հայրենիքի դաւաճանութեան, դասալքութեան եւ մարտական հերթապահութեան կանոններու խախտումի յօդուածներով:
Ատրպեճանական բանակի զինուորը Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն մօտ գերեվարուած էր 2006ի Դեկտեմբեր 31ին եւ Ատրպէյճան վերադարձուած էր 2007ի Յունուար 16ին: Գործակալութիւնը յայտնած է, որ հայկական գերութեան մէջ գտնուող երրորդ զինուորը, տեսնելով հայրենիք վերադարձին դատապարտուելու արդէն երկու նախադէպերը, հրաժարած է վերադառնալ Ատրպէյճան եւ դիմած է Միջազգային կարմիր խաչին՝ զինք երրորդ երկիր փոխադրելու խնդրանքով: