ԵՐԵՒԱՆ, «PanARMENIAN».- Դեկտեմբեր 7ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանի Աղդամի հատուածի ուղղութեամբ զէնքը ձեռքին գերի յանձնուած է Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Վուսալ Կարաչաեւը: Այս մասին յայտնեցին ԼՂՀ ռազմագերիներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնաժողովի աղբիւրները: Ներկայ դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի համապատասխան գերատեսչութիւնները կը քննեն Ատրպէյճանի բանակի զինուորին՝ ղարաբաղեան կողմ անցնելու դրդապատճառները:
Ղարաբաղի ԵԱՀԿի եւ ԿԽՄԿի գրասենեակները տեղեկացուած են միջադէպին մասին: