
Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 29էն 30 Մարտի գիշերը փակեցին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին՝ Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերուն միջեւ: Լուրը հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտաբը:
«Արդէն պատրաստ է փակուած ճանապարհը շրջանցող՝ Սիւնիքի մարզի Տեղ-Կոռնիձոր գրունտային (հող գետին ունեցող) նոր աւտոճանապարհը (մայրուղին), որը միանում է 2022թ. Օգոստոսին շահագործման յանձնուած նոր՝ Կոռնիձոր-Հին Շէն ճանապարհին («Բերձորի միջանցքին»): Տեղ-Կոռնիձոր նշուած ճանապարհի ասֆալտապատման (կուպրապատման) աշխատանքները Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից ընթացքի մէջ են», կ՛ըսուի Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Տեղ-Կոռնիձոր հողային ճամբան երթեւեկելի է, եւ, «հաշուի առնելով Արցախի շարունակուող շրջափակումը, դրանով հնարաւոր է իրականացնել Արցախի հումանիտար (մարդասիրական) մատակարարումները ռուս խաղաղապահների եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի կողմից»:
«Այդ ճանապարհն, ի դէպ, Արցախի Հանրապետութեան սահմանին՝ Հակարի գետի կամրջի մօտ վերահսկւում է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կողմից», ընդգծեց նախարարութիւնը՝ վերյիշեցնելով, որ 12 Դեկտեմբերէն ի վեր ատրպէյճցիները փակած են Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշիի հատուածը, եւ արդէն 108 օրեր շարունակ Արցախի բնակչութիւնը զրկուած է արտաքին աշխարհին հետ կապէն:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 30 Մարտին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի զինուժը վերահսկողութեան տակ առած է շարք մը բարձունքներ, հիմնական եւ օժանդակ ճամբաներ եւ Լաչինի շրջանի Ջաղազուր ու Զաբուխ (Աղաւնոյ) գիւղերուն միջեւ ինկած տարածքը:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), արձագանգելով Պաքուի պնդումներուն՝ դիտել տուաւ, որ, ըստ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախօրէին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ երկու երկիրներու սահմանապահները Մարտի վերջին օրերուն Կոռնիձորի կամուրջի հատուածի երկայնքով պէտք է տեղակայուէին սահմանի երկու կողմերուն:
Ո՛չ Երեւան, ո՛չ ալ Պաքու յստակացուցին, թէ ո՛ւր եւ ճիշդ ի՛նչ պայմանաւորուած են:
Տեղակայման ընթացքին, ըստ հայկական ԱԱԾին, ի յայտ եկան քարտէսներու տարընթերցումներ: «Որոշ տեղերում ադրբեջանական կողմը, չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներին, սկսել է դիրքաւորուել եւ իրականացրել ինժեներական (ճարտարագիտական) աշխատանքներ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
ԱԱԾն աւելցուց, որ հայկական կողմին հաշիւներով, կան այդպիսի հինգ կէտեր, ուր ատրպէյճանական կողմը սահմանէն 100էն 300 մեթր աւելի առջեւ տեղակայուած է:
«Այժմ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել, որ երկու կողմերի քարտէզագիրները ճշգրտեն իրավիճակը: Հայկական կողմն իրավիճակին մօտենում է էսկալացիա (մագլցում) թոյլ չտալու տրամաբանութեամբ: Խնդրոյ առարկայ հատուածում Հայաստանի բանակը դիրքեր չի ունեցել, որովհետեւ դիրքեր տեղակայւում են ոչ թէ սահմանի գծին, այլ մօտակայ ռազմավարական բարձունքների վրայ: Իսկ սահմանի այդ հատուածի պահպանութիւնը պէտք է անցնէր սահմանապահ զօրքերին՝ համաձայն վերը յիշատակուած պայմանաւորուածութեան», նշեց ծառայութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Օգոստոսէն ետք Լաչինի միջանցքը Հայաստանին կապող ճամբու մէկ հատուածը՝ Կոռնիձորի կամուրջէն ետք դարձեալ կ՛անցնի Ատրպէյճանի տարածքով: Ճամբու այդ հատուածը իր ամբողջ երկայնքով եւ իր յարակից տարածքով կը վերահսկուի Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն կողմէ, կը հաղորդէ ԱԱԾն՝ դարձեալ յղում կատարելով Օգոստոսի պայմանաւորուածութիւններուն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս արձագանգեց ատրպէյճանական կողմի՝ շարք մը բարձունքներ իր հսկողութեան տակ առած ըլլալու պնդումին՝ վստահեցնելով, որ հայկական դիրքերու որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած, ընդամէնը Հայաստան-Արցախ երթուղիի փոփոխութիւն կատարուած է:
Փաշինեան չպարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ որոշում տրուած է այդ հատուածին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փոխարինել Սահմանապահ զօրքերով, եւ արդեօք այդ մէկը ապահովական հարցեր չի՞ յառաջացներ. ան միայն ըսաւ, թէ նոյն առաջարկը կատարած են Ատրպէյճանին:
«2022 թուականի Օգոստոսին Ադրբեջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնների միջեւ կայացած համաձայնութեան արդիւնքում Լաչինի միջանցքի երթուղին փոխուեց նոր ճանապարհի գործարկմամբ, բայց քանի որ Լաչինի միջանցքը Հայաստանի Հանրապետութեանը կապող ճանապարհն ամբողջութեամբ պատրաստ չէր, գործարկուեց ժամանակաւոր երթուղի, որը մուտք էր գործում Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք Կոռնիձորի կամրջով, ապա նորից՝ Ադրբեջանի տարածք, ապա նորից՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք: Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, այդ երթուղին պէտք է գործեր մինչեւ 2023 թուականի Ապրիլի 1ը: Նախօրէին մենք տեղեկացրել ենք ադրբեջանական կողմին, որ համաձայն պայմանաւորուածութեան, Կոռնիձորի կամրջից յետոյ ճանապարհը շարունակուելու է միայն Հայաստանի տարածքով եւ որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերը ստանձնելու են այդ հատուածում Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի պահպանութիւնը«, ընդգծեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. »Պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներ դուրս են գալու, ըստ պլանի (ծրագիրի), եւ նրանց փոխարէն տեղակայուելու են Սահմանապահ զօրքերի ստորաբաժանումներ: Մենք այդ նոյն առաջարկով հանդէս ենք եկել նաեւ Ադրբեջանին, որպէսզի նոյնը տեղի ունենայ Ադրբեջանի կողմից: Յոյս ունեմ, որ այս գործընթացը տեղի կ՛ունենան առանց սադրանքների»:
Թէեւ Փաշինեան վստահեցուց, որ Ատրպէյճան Հայաստանի տարածքին մէջ յառաջխաղացք չէ ունեցած, սակայն Կոռնիձորի բնակիչները «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեցին, որ 29 Մարտի գիշերը ատրպէյճանցիները մտած են Տեղ գիւղի տարածքը եւ կ՛ամրապնդուին այնտեղ:
Արցախը Հայաստանին կապող նոր ուղին կ՛անցնի Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր գիւղի մօտով. անիկա պաշտօնապէս պէտք է շահագործուէր 1 Ապրիլէն սկսեալ, սակայն Կոռնիձորի համայնքապետը յայտնեց, որ ճամբան արդէն պատրաստ է, եւ կուպրապատման աշխատանքները հիմնականին մէջ աւարտած են:
Ճամբու այս փոփոխութիւնը ապահովական առումով, ըստ Արշակ Կարապետեանի, իրենց համար որեւէ նոր հարց չի ստեղծեր, 44օրեայ պատերազմէն ետք ատրպէյճանական զինուժը արդէն իսկ Կոռնիձորէն մօտ 300 մեթրի վրայ կանգնած է: Ըստ համայնքապետին՝ շուրջ 1000 բնակիչներ ունեցող գիւղը համակերպած է այդ նոր իրավիճակին: Մինչդեռ ատրպէյճանցիներով շրջապատուած կոռնիձորցիները անորոշութեան մէջ են՝ չեն գիտեն ի՛նչ կը սպասէ իրենց՝ ոչ կրնան հողագործութեամբ զբաղիլ, ոչ ալ աասուն պահել: Ալիեւին՝ ռազմատենչ յայտարարութիւնները աւելի եւս կ՛աւելցնեն անհանգստութիւնները:
Միւս կողմէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 30 Մարտին տեղի ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին պատասխանեց լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն միջեւ որեւէ քննարկում եղա՞ծ է Լաչին-Ստեփանակերտ ճամբու սահմանային անցակէտ բանալու մասին՝ ըսելով. «Նման քննարկում չէ եղած»: