ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնով, Դեկտեմբեր 4ին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դիտարկում կատարեց ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի բանակներու շփման գիծի Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Սէյսուլան բնակավայրի արեւելեան հատուածին մէջ:
Դիտարկումը անցաւ նախատեսուած ժամանակացոյցին համապատասխան: Սակայն, ինչպէս նախորդ դիտարկումներուն ժամանակ, ատրպեճանական կողմը ԵԱՀԿ դիտորդները չառաջնորդեց իր առաջաւոր դիրքերը: Բացի այդ, դիտարկման աւարտէն քանի մը րոպէ առաջ, դիտարկման մասնակիցները արձանագրեցին կրակոց մը, որ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի բանակի դիրքերու աջ թեւէն: Վիրաւորներ չկան:
Դիտարկման առաքելութեան, ղարաբաղեան կողմէ կ’ուղեկցէին ԼՂՀ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչները: