ՊԱՔՈՒ.- Միջազգային լրատուամիջոցներու ազատութեան խորհուրդը բաց նամակ մը յղեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ պահանջելով, որ լրատուամիջոցներուն յաւելեալ ազատութիւններ շնորհուին, նկատի ունենալով, որ երկրին մէջ բանտարկուած լրագրողներուն թիւը չափազանց բարձր է:
Ըստ խորհուրդին, Ատրպէյճան Եւրասիոյ լրագրողներու ազատութիւնները ամէնէն աւելի կաշկանդող երկիրն է։ Խորհուրդին նամակը կ՚ըսէ. «Լրագրողներուն վրայ բանեցուող այս ճնշումները վատ տպաւորութիւն կը ձգեն։ Այս լրագրողները Ատրպէյճանի ժողովրդավարութեան կարեւոր մէկ մասնիկն են։ Առանց ազատ եւ անկախ լրագրութեան մարզի՝ կառավարութեան անդամները ընկերութեան առջեւ հաշուետու չեն նկատուիր, եւ այդ մէկը կը խախտէ թափանցիկ ու արդար կառավարութեան մը գոյութեան կարելիութիւնը»։
Յայտնենք, թէ անցեալ շաբաթ ընդդիմութեան օրաթերթերէն «Մուխալիֆէթ»ի խմբագիրն ու մէկ լրագրողը երկուքուկէս տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան նախագահ Ալիեւի ազգական մէկ երեսփոխանը զեղծարարութեամբ ամբաստանելուն համար:
Խորհուրդը նաեւ նախագահին կոչ ըրած է հարկաւոր միջոցառումներու դիմել, լրագրողներուն ազատ արձակումը ապահովելու։
Իշխանութիւնները վերջերս նաեւ փակած են «Կունտալիք Ատրպէյճան» եւ «Ռիլ Ատրպէյճան» օրաթերթերը, իսկ Ապրիլին ընդդիմութեան պատկանող երկու օրաթերթերու հիմնադիր Էյնիւլլա Ֆաթիւլլաեւը երկուքուկէս տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր զինեալ ուժերը անարգած ըլլալու յանցանքով:
Նշենք, թէ Ֆաթիւլլաեւ նաեւ ամբաստանուած է ղարաբաղցի ղեկավարի մը հետ ունեցած իր հարցազրոյցին համար, որուն ընթացքին հայ ղեկավարը Ատրպէյճանի բանակը 1992ի Խոջալուի ջարդին պատասխանատու նկատած է։
Հակառակ այս քայլերուն, Պաքու կը պնդէ, թէ կառավարութիւնը ճնշում չի բանեցներ լրագրողներուն վրայ…