Երկրորդ արցախցին արդէն կանգնեցաւ Ատրպէյճանի դատարանին առաջ` Արցախի առաջին պատերազմին վերաբերող մեղադրանքներով։ Արդարեւ, Վագիֆ Խաչատրեանէն ետք, այժմ Պաքու Ռաշիդ Բեգլարեանը կը մեղադրէ 90ականներուն գերիներ խոշտանգելու եւ անօրինական զինուած խմբաւորումներու անդամակցելու յանցանքով:
61ամեայ Բեգլարեան առեւանգուած էր 1 Օգոստոսին, Լաչինի շրջանի Աղաւնոյ գիւղի տարածքէն: Յայտնի չէ, թէ արդեօք քննութեան ընթացքին անոր պաշտպան տրամադրո՞ւած է, թէ` ոչ: Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութիւնը, կը պնդէ, որ ան ցուցմունքներ տուած է «Խոջալուէն դուրս եկած եւ սպաննուած հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներու մասին»:
Ծառայութիւնը 20 Նոյեմբերին նաեւ հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Բեգլարեան սկիզբը՝ շղթայուած ձեռքերով, չորս ատրպէյճանցիներու ընկերակցութեամբ՝ բաներ կը պատմէ: «Խօսք են տուել, որ ճանապարհ են տալու, թողեն գնան դէպի Աղդամ: Դրա մասին իմացել են Ասկերանի վաշտը, նախապէս սպասել են, հանդիպել Խոջալու քաղաքի ժողովրդին», տեսանիւթիւն մէջ կը պատմէ Բեգլարեան: Հասկնալի չէ, սակայն, թէ արդեօք Բեգլարեան ինքզինք մեղաւո՞ր կը նկատէ իրեն ուղղուած արարքներուն համար։
Եւրոպական դատարանին մէջ հայ ռազմագերիներու փաստաբան Սիրանոյշ Սահակեանի համար ակնյայտ է, որ կեանքին սպառնացող վտանգի տակ, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերը տեսախցիկին առջեւ կ՛ըսեն այն, ինչը իրենցմէ կը պահանջուի: «Ցանկալի սցենարով (բեմագրութեամբ), որը ուղղորդւում է պետութեան կողմից, եւ սա կատարում են բռնութիւնների, սպառնալիքների ներքոյ: Հայերի կամարտայայտութիւնը խիստ սահմանափակուած է եւ խեղաթիւրուած է», շեշտեց Սահակեան։
Ան հաստատեց, որ Ատրպէյճան ի սկզբանէ չէր յայտարարած, որ Ռաշիդ Բեգլարեան կը փնտռուէր յանցագործութեան համար: Չորս ամիս առաջ զայն ձերբակալեցին՝ սահմանը ապօրինի հատելու մեղադրանքով, ապա, ըստ Սահակեանի, այսպէս ասած «գործ են կարել»:
«Ադրբեջանի իշխանութիւնները իրենց տիրապետութեան տակ չեն ունեցել գոնէ մէկ եզակի ապացոյց, որը կը վկայէր, որ երբեւիցէ իր կեանքի ընթացքում Ռաշիդ Բեգլարեանը կատարել է որեւէ յանցաւոր արարք: Եթէ ի սկզբանէ արարք կատարած լինէր, հնարաւոր էր անգամ միջազգային հետախուզում յայտարարած լինէին: Հետագայում անձի ծագումնաբանութիւն, տարիք եւ այլ գործօններ հաշուի առնելով Ադրբեջանը կարում է քրէական գործեր, իր պաշտօնական վարկածները հիմնաւորող բեմականացուած դատավարութիւններ է իրականացնում», ընդգծեց Սահակեան:
Բեգլարեան կը բնակէր Ասկերանի Խնձրիստան գիւղին մէջ` իր հայրական տան մէջ, առանձին: Ըստ հայկական կողմին` մոլորելու պատճառով ան անցաած էր ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, երբ ան կը փորձէր Հին Շէն երթալ: Սակայն, մինչեւ օրս ո՛չ որդին, ո՛չ ալ համագիւղացիները տեղեակ եղածին մանրամասնութիւններէն։