ԼՈՆՏՈՆ, «Էյ.Փի.».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութեան հրատարակած տեղեկագրի մը համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ այն լրագրողները, որոնք կը փորձեն դէմ դնել ազատութիւններու կաշկանդումին եւ իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած ոտնձգութիւններուն, աւելի մեծ վտանգ կը դիմագրաւեն ու քաղաքական յետին նպատակներով կրնան ձերբակալուիլ եւ նոյնիսկ յարձակումներու ենթարկուիլ։
Արդարեւ, տեղեկագրին համաձայն, ընդդիմադիր եւ անկախ լրագրողներու պատիժները աւելի յաճախակի ու աւելի խիստ դարձած են վերջերս, հակառակ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած խոստումներուն, թէ լրագրողներուն արտայայտուելու ազատութիւնը պիտի երաշխաւորուի:
Ատրպէյճանի մէջ լրագրողները ազատ են յայտնելու միայն այն, ինչ որ կառավարութեան գծած սահմաններէն ներս կ՚իյնայ, կը հաղորդէ կազմակերութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով Պաքուի իշխանութեանց, թէ լրատու աղբիւրները իրաւունք ունին պետական պաշտօնատարներու աշխատանքը հանրութեան ներկայացնելու։
Այս տեղեկագիրը անդրադարձած է ընդդիմադիր «Ազատլիք» կուսակցութեան օրաթերթի հարցին, «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի եւ ձայնասփիւռի կայանի փակման եւ Սաքիթ Զահիտովի ձերբակալման։
Միւս կողմէ, նախագահին ընկերաքաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Ալի Հասանով կը յայտնէ, թէ համաձայն չէ տեղեկագիրին եւ կ’աւելցնէ, թէ ան առարկայական չէ։ «Այս տեղեկագիրը Ատրպէյճանի լրագրողներուն ճիշդ իրավիճակը չի ցոլացներ։ Լրագրողները ազատ են, եւ բոլոր թերթերն ալ կրնան որեւէ հարցի մասին իրենց կարծիքը հրատարակել։ Շատ մը այլ երկիրներու մէջ եւս ոճիրներ տեղի կ՚ունենան լրագրողներու դէմ, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, թէ անոնց վրայ ճնշում կը բանեցուի», կ’ըսէ ան:
Իր կարգին, Սթրազպուրկ հաստատուած Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանը վճռած է, թէ Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը 2003ին չարչարանքի ենթարկած է ընդդիմադիր Ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Սարտար Ճալալօղլուն, որ ձերբակալուած էր կառավարութեան դէմ ցոյցի մը մասնակցած ըլլալու յանցանքով։ Դատարանը Ատրպէյճանի կառավարութենէն պահանջած է 10 հազար եուրոյի վնասուց հատուցում տալ Ճալալօղլուին:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Ճալալօղլուն ամբաստանած էին ժողովրդային խռովութիւն պատճառելու յանցանքով։ Ան երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն աւելի ուշ նախագահական ներում ստացած էր։
Յայտնենք, թէ անցեալ Ուրբաթ օր Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ ընդդիմադիրներու կազմակերպած ցոյցի մը, որուն նպատակն էր բողոքել ուժանիւթի եւ բնակարաններու գիներու մագլցումին դէմ: Ոստիկանութիւնը բիրտ ուժի դիմեց եւ ձերբակալեց աւելի քան տասը ցուցարարներ: Ընդդիմադիր «Ազատլիք» կուսակցութեան բանբերը յայտնեց, թէ մեծ թիւով գործիչներ վիրաւորուած են:
Նշենք, թէ Ատրպէյճան վերջերս դադրեցուց Ռուսիայէն բնական կազի ներածումը, երբ այս վերջինը պահանջեց նախկին գիներուն կրկնապատիկը։ Իբրեւ հետեւանք՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ջուրի, ելեքտրականութեան եւ կազի գիները բարձրացուց։
Միւս կողմէ, այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւն մը՝ «Մուսաւաթ», ծրագրած է ցոյց մը կազմակերպել այս Կիրակի, եւ իշխանութիւնները այս անգամ արտօնութիւն տուած են: Նոյեմբեր 2005էն ի վեր առաջին անգամն է, որ ցոյցի մը արտօնութիւն կը տրուի Պաքուի իշխանութեանց կողմէ: