Ատրպէյճանի մէջ, յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենան արտակարգ նախագահական «ընտրութիւններ» նախապէս ծրագրուած 2025ի փոխարէն:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ «ընտրութիւններ»ը տեղի պիտի ունենան 7 Փետրուար 2024ին:
Արցախի բռնագրաւումին հաշուոյն իր ժողովրդականութեան աճը արագօրէն շահագործելու նպատակով, վերջին 30 տարիներուն երկիրը կառավարող Ալիեւ մենատիրական ընտանիքի շառաւիղը՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւ այդ առնչութեամբ հրամանագիր մը ստորագրեց 7 Դեկտեմբերին: Բռնատէրը շատ հաւանաբար 7 տարիներ եւս իշխելու լիազօրութիւնը պիտի ստանայ այս անգամ եւս, որմէ ետք անոր կինը (ներկայիս՝ առաջին փոխնախագահ) եւ զաւակը կը պատրաստուին ժառանգելու երկիրը…