Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխանախարար Ռամիզ Թահիրով Փենթակոնի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ջոկատի գրասենեակի պետի տեղակալ զօր. Մարք Սասեւիլի հետ:
Ըստ «Ազատութեան»՝ ատրպէյճանական պաշտօնական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ բարձրաստիճան զինուորականները քննարկեցին ռազմական երկկողմ համագործակցութեան, որուն մէջ՝ ռազմական օդաչուներու պատրաստութեան վերաբերող հարցեր:
Թահիրով նախորդ օրերուն հանդիպում ունեցած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու օդային ուժերու հրամանատար Չարլզ Պրաունի հետ:
Կողմերը հանգամանալից կերպով միտքեր փոխանակեցին ռազմական համագործակցութեան ներկայ վիճակին եւ տարածաշրջանային ապահովութեան հարցերու շուրջ: