Ատրպէյճանի մէջ, Ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնը «Ղարաբաղի մէջ յատուկ գործողութիւններ կատարել» նիւթով հարցախոյզ մը կատարած է:
Հարցախոյզին մասնակցողներուն 71.3 առ հարիւրը դրական պատասխանած է «Ի՞նչ կը կարծէք, Ատրպէյճան պէ՞տք է Ղարաբաղի մէջ անօրինական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ զինուորական նոր գործողութիւններ կատարէ» հարցումին:
Հարցախոյզին մասնակցողներուն 24.1 առ հարիւրը հակառակ դիրքորոշումը արտայայտած է՝ նշելով, որ նոր զինուորական գործողութիւններ չեն ուզեր: Իսկ մասնակցողներուն 4.6 առ հարիւրը չէ կրցած պատասխանել այս հարցումին:
Հետազօտութեան տուեալներու հաւաքագրումը տեղի ունեցած է 8էն 11 Սեպտեմբերին: Հարցախոյզը կատարուած է հեռաձայնային հարցազրոյցներու ձեւով եւ ընդգրկած է 18 տարեկանէն մեծ 390 անձեր: