Ատրպէյճան դարձեալ խախտեց զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ կրակելով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներուն ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեցին Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն՝ դիտել տալով, որ աշխատանքները դադրած են:
«Մարտի 30ին ժամը 08:30ի սահմաններում, Մարտունու շրջանի Բերդաշէն համայնքի բնակիչներ՝ Սենորիկ Ալաւերդեանը եւ Գենադի Սարգսեանը՝ գիւղի վարչական տարածքի «Ասֆալտեն տակ» կոչուող տեղամասի խաղողայգում գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելիս, յայտնուել են յարակից ադրբեջանական մարտական դիրքում ծառայութիւն իրականացնող զինծառայողների թիրախում։ Նոյն օրը՝ ժամը 10:40ի սահմաններում, Թաղավարդ գիւղի բնակիչներ՝ Արթուր Ֆիրեանը, Արարատ եւ Շուրա Ալլաւերդեանները, Օլեգ Յարութիւնեանը, Արսէն Խաչատրեանը եւ Նովիկ Գաբրիէլեանը՝ գիւղի վարչական տարածքի «Կնեազանց կալ» կոչուող տեղամասի ցորենի դաշտում գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելիս, ադրբեջանական բանակի մարտական դիրքերից հրաձգային զէնքերով անկանոն կրակոցնէր են արձակուել իրենց ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով դադարեցուել են գիւղատնտեսական աշխատանքները», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Տեղեկութիւնները փոխանցուեցան ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:
Աւելի ուշ Արցախի ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ Ատրպէյճան կրակեց նաեւ դաշտավայրին մէջ աշխատող Բերդաշէնի բնակիչին ուղղութեամբ: Այնտեղ նոյնպէս աշխատանքները դադրեցան:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան կը շարունակէ իր սպառնալիքները՝ «կասեցնելու ռազմամթերքի տեղափոխումը Հայաստանէն Ղարաբաղ»:
«Հայկական կողմը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերէ զինուած ուժերը Ատրպէյճանի տարածքէն եւ հրաժարի Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային նկրտումներէն», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 30 Մարտի կառավարութեան նիստին ընթացքին պնդեց, որ Պաքու ռազմամթերքի տեղափոխման կեղծ թէզեր դրած է շրջանառութեան մէջ՝ ռազմական վիճակի սրումը արդարացնելու համար:
«Հայաստանը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ռազմական փոխադրումներ չի իրականացնում, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղում բանակ չունի», կրկնեց Փաշինեան՝ դարձեալ առաջարկելով այդ փաստերը ստուգելու համար միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ:
Պաքու իբրեւ պատասխան՝ արձագանգեց, թէ Երեւան »Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու իրաւունք չունի«:
«Ատրպէյճան միջազգային կազմակերպութիւններ ուղարկելու եւ մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փոխարէն, Հայաստան թող կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները», պնդեցին Պաքուէն: