ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի պատկերասփիւռի հաղորդումներու պատասխանատու պետական մարմինը որոշեց կասեցնել թրքական «Քանալ տէ» եւ «Սամանեօլու» կայաններու հաղորդումները, որոնք ցարդ անարգել կը սփռուէին:
Պատճառաբանութիւն այն էր, որ այս երկու կայանները մերժած են ստորագրել նման հաղորդումներ կատարելու յատուկ համաձայնութիւնը։ Այս որոշումէն ետք, միայն Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը, որ ստորագրած է այդ համաձայնագիրը, պիտի դիտուի Ատրպէյճանի մէջ։