ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի բանակներու շփման գիծին ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկումը յետաձգուեցաւ:
Ըստ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, Դեկտեմբեր 13ին կը նախատեսուէր ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկում բանակներու շփման գիծի Ֆիզուլիի հատուածի Ղարախանպէյլի բնակավայրին մօտ: Նախատեսուած ժամանակացոյցին համաձայն, դիտարկման առաքելութիւնը, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ մեկնած է դիտարկման վայրը, սակայն նկատի առնելով հանգամանքը, որ ատրպեճանական կողմը, ինչպէս նախորդ դիտարկումներու ժամանակ, դէտերուն չէ հասցուցած մինչեւ նախապէս համաձայնեցուած կէտը, ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամները, ապահովական նկատառումներով, որոշեցին յետաձգել դիտարկումը: