11 Մայիսի առաւօտեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ժամը 6էն սկսեալ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրետանիներով եւ ականանետերով հարուածեցին Սոթքի դիրքերը. հայկական զինուած ուժերը պատասխան գործողութիւններու ձեռնարկեցին: Հայկական կողմը հաղորդեց իր չորս վիրաւորներուն, ատրպէյճանական կողմը՝ իր մէկ մահուան եւ մէկ վիրաւորին մասին:
Ժամը 10ի դրութեամբ՝ լարուածութիւնը նուազեցաւ, յարաբերական կայունութիւն կը տիրէ, սակայն, ժամեր անց՝ յետմիջօրէի ժամը 5:10ին, ատրպէյճանական կողմը դարձեալ ականանետեր արձակեց Սոթքի ուղղութեամբ, հրետանային կրակոցներ՝ Նորաբակի:
Շուրջ երեք ժամ ետք՝ երեկոյեան ժամը 7:50ին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Գեղարքունիքի՝ Վերին Շորժայի ուղղութեամբ խախտեցին զինադադարը՝ կիրարկելով ականանետեր:
Աւելի ուշ՝ ժամը 8:10ի դրութեամբ, իրադրութիւնը վերագտաւ իր կայունութիւնը:
Պաշտօնական Պաքու դարձեալ հայկական կողմը մեղադրեց՝ զինադադարի խախտման մէջ՝ յայտնելով, որ 10 Մայիսի երեկոյեան, Հայաստանի զինուած ուժերը կրակ բացին ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, պատճառելով վիրաւորներ զինուորներու շարքերուն մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մեղադրանքը:

ԵՐԵՒԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ՝ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱԳԼՑՈՒՄԸ
Պաշտօնական Երեւան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան՝ դադրեցնելու բանակցային գործընթացը ուժի միջոցաւ վտանգելու եւ այդպիսով Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու անհիմն, չարդարացուած եւ ամօթալի փորձերը:
Նախարարութիւնը սադրիչ նկատեց Սոթքի մէջ ատրպէյճանցիներու գործողութիւնները՝ ընդգծելով, որ ասիկա միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկուն՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիք չգործադրելու կրկնուող խախտում է, որ ցոյց կու տայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, որոնց կարգին 31 Հոկտեմբեր 2022ին Սոչիի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի արհամարհանքը:
Ատրպէյճանի այս քայլերը որակելով իրավիճակի ապակայունացման միտող գործողութիւններ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ անոնք բացայայտ արհամարհանք են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակ հետապնդող Ուաշինկթընի հանդիպման, Պրիւքսէլի եւ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեամբ եւ խաղաղութեամբ հետաքրքրուած միջազգային գործընկերներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
Այս մասին խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կրկնելով, որ Ատրպէյճանի այս գործողութիւններուն նպատակը չքացնելն է այն յառաջընթացը, որ արձանագրուեցաւ նախորդ օրերուն, Ուաշինկթընի մէջ: Ան աւելցուց, որ Սոթքի մէջ կատարուած սադրանքը նպատակ ունի նաեւ վտանգելու Կիրակի օր, Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ, իսկ 1 Յունիսին Քիշնեւի մէջ հնգակողմ ձեւաչափով նախատեսուած բանակցութիւնները:
Փաշինեան մտացածին համարեց հայկական բանակին կողմէ զինադադարի խախտման մասին Ատրպէյճանի պնդումները՝ շեշտելով, որ նման տեղեկատուութիւն կը յօրինուի՝ իրադրութիւնը սրելու համար:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Պաքու այս ձեւով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը շեղէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու փաստէն՝ նկատել տալով, որ նոր վայրի մը մէջ նոր ճգնաժամ ստեղծելու միջոցով մոռացութեան կը փորձեն մատնել հինը:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան եւս արձագանգեց Սոթքի դէպքերուն՝ դիտել տալով, որ անոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները, կը վտանգեն խաղաղ բնակչութեան կեանքի, առողջութեան ապահովման եւ այլ հիմնարար իրաւունքները:
Ան մնայուն կերպով ահազանգներ կը ստանայ այն մասին, որ կրակոցները շատ յստակ կը լսուին բնակարաններուն մէջ, իսկ Սոթքի ոսկիի հանքավայրի աշխատանքը, ապահովական նկատառումներով, դադրեցուած է: