Արամ Ա. կաթողիկոսը Յունաստանի Հայոց թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը, այցելեց հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պատասխանատուներուն եւ շրջեցաւ հայ դպրոցները:
Վեհափառը այցելեց Զաւարեան Ազգային վարժարանը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ: Հայրապետին այցելութեան առիթով, վարժարանի աշակերտները հայ երգերով, ասմունքներով եւ պարերով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը ներկայացուցին: Յայտագիրի աւարտին, Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան վեհափառին մօտէն ծանօթացուց վարժարանին կատարած աշխատանքները ու յետագայ ծրագիրները:
Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը՝ անոնց ազգանուէր գործունէութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է, հետեւաբար, գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոցին մօտենանք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Հայրապետը հայակերտման անհրաժեշտութիւնը վեր առնելով՝ շեշտեց, թէ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբող հաստատութիւն չէ. հայ դպրոցը սրբավայր է՝ հայը ճշմարտօրէն եւ գիտակցօրէն հա՛յ դարձնելու լծուած:
Ապա, Արամ Ա. այցելեց Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի կեդրոնը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ վեր. Վիգէն Չոլագեան կաթողիկոսին պարզեց համայնքին ներկայ կացութիւնը: Վեհափառը գնահատեց վեր. Չոլագեանի աշխոյժ ու գործօն ծառայութիւնը հայ գաղութի կեանքին մէջ:
Նոյն օրը, հայրապետը այցելեց Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային վարժարանը: Հոն եւս, վեհափառի այցելութեան առիթով, վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները հրամցուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Աւարտին, կաթողիկոսը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչաց կազմը՝ հայակերտումի նուիրական աշխատանքին անոնց բերած կարեւոր նպաստին համար: Հայրապետը իր հայրական խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը սովորական դպրոց մը չէ, ուր միայն գիտելիք կ՛ամբարենք, այլ հոն կը բացուինք մեր արժէքներուն եւ ձգտումներուն: Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը հայօրէ՛ն կը կազմաւորուի: Ահա՛ թէ ինչո՛ւ դաստիարակիչ դեր ունի հայ դպրոցը: Այս գիտակցութեամբ մենք պէտք է մօտենանք հայ դպրոցին: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, ջարդերէն ետք, եկեղեցւոյ կողքին, հայ դպրոցը դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը: Ուստի, ամէն գնով պէտք է կենսունակ ու աշխոյժ պահել հայ դպրոցը:
Վերջապէս, վեհափառը այցելեց Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ:
Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կաթողիկոսին հովուական բազմաբեղուն ծառայութեան: «Եղաք բարի հովիւ՝ դառնալով ժողովուրդին ցաւակից ու յուսադրելով զայն. եղաք քաջ հովիւ՝ պաշտպանելով հայ ազգի հաւատքն ու լեզուն. եղաք հայր՝ երթալով մանուկներուն ու երիտասարդներուն, ձեռք երկարելով աղքատներուն ու կարիքաւորներուն. եղաք արի հովիւ՝ պահանջելով հայ ազգի ու եկեղեցւոյ արդար իրաւունքները: Ուստի, կրնանք վկայել, որ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով՝ ընծայեցիք ձեր անձը՝ձՁեզի յանձնուած հօտին», ըսաւ առաջնորդ հայր սուրբը:
Վեհափառը իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, ապա կարեւորութեամբ շեշտեց, որ դաւանական տարբերութիւններէն անդին՝ մենք կը պատկանինք մէկ եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյ, եւ տեղայնական տարբերութիւններէն անդին՝ կը պատկանինք մէկ ազգի, ո՛ւր որ ալ ըլլանք: Այս միութեան մէջ է քրիստոնէական ու ազգային մեր զօրութեան աղբիւրը: Կաթողիկոսը, անդարադառնալով Յունաստանի հայ երեք համայնքներուն միջեւ գոյացած գործակցական սերտ յարաբերութեան՝ ըսաւ. «Այստեղ, Յունաստանի մէջ, մեր երեք համայնքները ոչ միայն սովորական իմաստով յարաբերութիւն մշակած են իրարու հետ, այլ եղբայրական ջերմ սիրով ու սերտ գործակցութեամբ կ՛աշխատին՝ ի խնդիր գաղութի ծաղկման ու հզօրացման: Հետեւաբար, կ՛ողջունենք երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն կատարած եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնը»:
Հանդիպման ընթացքին Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեան Արամ Ա.ին ներկայացուց հայ կաթողիկէ համայնքին ներկայ իրավիճակը: Կաթողիկոսը, իր կարգին, բարձր գնահատեց հայր Յովսէփի տարած ծառայութիւնը՝ Յունաստանի հայ գաղութի կեանքին մէջ: