Հինգշաբթի, 10 Օգոստոսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Լիբանանի մէջ իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունէն պատուիրակութիւն մը:
Քննարկումին ընթացքին, վեհափառը դատապարտեց Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզման երեւոյթը եւ կարեւոր նկատեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ երկխօսութեան առաւել եւս զարկ տալու հրամայականը:
Այս առիթով, հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հարցին: Ան ընդգծեց, որ Իրան մեզի համար բարեկամ երկիր է, առ այդ, սպասելի է, որ անիկա իր կարելին շարունակէ կատարել Բերձորի (Լաչին) միջանցքին շուտափոյթ վերաբացման հարցին գծով` նկատի ունենալով առաւել քան 120 հազար հայերու սովամահ դառնալու դառն իրականութիւնը: