ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապեպա ժամանման առաջին իսկ օրը, Չորեքշաբթի 11 Յուլիս 2007ին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ապպա Փաուլոս պատրիարք իրենց ստորագրած յայտարարութեամբ շեշտեցին 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, այնպէս, ինչպէս որ 20րդ դարու վերջին ցեղասպանութիւնը՝ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը ճանչցուած էր միջազգային համայնքին կողմէ:
Երկու հոգեւոր պետերը ընդգծեցին արդարութեան ու մարդկային իրաւանց համար պայքարելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս գծով եկեղեցիներուն վերապահուած կարեւոր դերը:
Վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Եթովպիա սքանչելի առիթ մը հանդիսացաւ արծարծելու հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու հարցը ափրիկեան հողի վրայ: Այս օրերուն մանաւանդ, երբ մէկ կողմէ Ռուանտայի ցեղասպանութեան յիշատակները վառ են շրջանի ժողովուրդներու կեանքին մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ տարբեր ձեւերով կը շարունակուի Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը, Սուտանի մէջ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ
Նոյն օրը, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Եթովպիոյ նախագահ Կիրմա Ուոլտըկիորկիսի հետ, նախագահական ապարանքին մէջ, Ատիս Ապեպա: Շուրջ ժամ մը տեւող սիրալիր հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու նախագահ Ուոլտըկիորկիս լայնօրէն անդրադարձան հայ ու հապէշ եկեղեցիներու յարաբերութեան, Լիբանանի կացութեան, ներկայ աշխարհին մէջ կրօնի դերին, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ մասնաւորաբար Ղպտի եւ Հապէշ եկեղեցիներու հաշտութեան լծուած վեհափառ հայրապետի դերակատարութեան:
Հանրապետութեան նախագահը լայն հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ յիշեալ հարցերու գծով: Ան մեծապէս գնահատեց վեհափառին հաշտարար դերակատարութիւնը, յատկապէս այս օրերուն, երբ ամէն ժամանակէ աւելի, եկեղեցիներ կոչուած են գործակցելու մարդկային ընկերութիւնը տագնապեցնող հարցերու գծով: Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման, վեհափառին կողքին ներկայ գտնուեցան Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ ազգային բարերար տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան:
Պալատէն դուրս գալու պահուն, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց թղթակիցներու հարցումներուն: Նոյն գիշեր տեղական հեռատեսիլի կայանները լայնօրէն արձագանգեցին այս հանդիպման:
Յայտնենք, որ նոյն առաւօտ վեհափառ հայրապետը Լիբանանէն ժամանած էր Ատիս Ապեպա, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ: Ատիս Ապեպայի օդակայանին մէջ զինք դիմաւորելու եկած էին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ պետ Փաուլոս պատրիարք, ինչպէս նաեւ Եթովպիոյ փոքրաթիւ հայ համայնքին ատենապետ Վարդգէս Նալպանտեան: