ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 31 Յուլիս 2007ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նախկին նախագահ Էմին Ճէմայէլը:
Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը դիմագրաւող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները ու յատկապէս յառաջիկայ Կիրակի, Մեթնի շրջանին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները:
Այս գծով նախկին նախագահը վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ ներկայիս պարզուած կացութեան: Վեհափառը իր կարգին շեշտեց ընդհանրապէս քրիստոնէական միութիւնը ու մասնաւորաբար Մեթնի շրջանի ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց նաեւ փոխադարձ հասկացողութեամբ բոլորին կողմէ ընդունելի լուծում մը գոյացնելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: