ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շուտով պիտի վերակառուցուի Արարատ քաղաքի զբօսայգին, յայտնեց ընկերային ներդրումներու հիմնադրամի ուսուցման եւ մասնագիտական օժանդակութեան համակարգման բաժինի վարիչ Ալպերթ Ստեփանեան:
Վերակառուցման ծրագիրը պիտի արժէ 74.47 միլիոն դրամ, որմէ 3.5 միլիոն դրամը արդէն փոխանցած է ՄԱԿի երեւանեան գրասենեակ: Արարատ քաղաքի զբօսայգիի վերակառուցումը պիտի աւարտի այս տարուան Սեպտեմբերին: