ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ
Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը արձակեց վճիռ մը` Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին վերաբերեալ. որոշումը կը շեշտէ.
«1. Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման հռչակագիրի իր պարտաւորութիւններուն համաձայն ապահովել, որ այն անձերը, որոնք 19 Սեպտեմբեր 2023էն ետք Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած են եւ կ՛ուզեն Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ, կարենան այս մէկը ընել ապահով, առանց խոչընդոտներու եւ արագօրէն:
«2. Ապահովել, որ այն անձերը որոնք 19 Սեպտեմբեր 2023էն ետք Լեռնային Ղարաբաղ կը մնան եւ կ՛ուզեն հեռանալ, կարենան այդ մէկը ընել ապահով, առանց խոչընդոտներու եւ արագօրէն:
«3. Ապահովել, որ այն անձերը, որոնք 19 Սեպտեմբեր 2023էն ետք Լեռնային Ղարաբաղ կը մնան կամ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած են եւ կ՛ուզեն այնտեղ մնալ, զերծ մնան ուժի գործադրումէն եւ ահաբեկումէն, որոնք կրնան անոնց հեռանալուն պատճառ դառնալ:
«13/2 քուէներու յարաբերակցութեամբ` Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է հռչակագիրին համաձայն իր ունեցած պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ պաշտպանել եւ պահպանել արձանագրման ինքնութեան եւ անձնական գոյքի փաստաթուղթերը եւ արձանագրման մատեանները, որոնք կը վերաբերին առաջին կէտին մէջ նշուած անձերուն, եւ յաւուր պատշաճի ու յարգանքով վերաբերիլ անոնց հետ, եւ հիմք ընդունիլ այդ փաստաթուղթերը իր օրէնսդրական ու վարչական գործին մէջ:
«13/2 քուէներու յարաբերակցութեամբ` Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է հաշուետուութիւն ներկայացնել դատարանին այն քայլերուն վերաբերեալ, որոնցմով պիտի ապահովուի ժամանակաւոր միջոցներու կատարումը եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան անունով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, որոնք հնչեցին 12 Հոկտեմբերի դատական քննութեան ընթացքին: Անոնք պէտք է կատարուին այս որոշումին հրապարակումէն ետք ութ շաբթներու ընթացքին»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց որոշումին` յայտարարելով, որ Պաքու «ի գիտութիւն» ընդունած է նշեալ որոշումը:
«Պաքու կ՛ողջունէ դատարանի որոշումը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կը մերժէ Հայաստանի պահանջը, որ կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի վաղուց ճանչցուած գերիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ: Դատարանին կողմէ նշուած քայլերը համահունչ են Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի կառավարութեան արդէն իսկ որդեգրած քաղաքականութեան: Ատրպէյճան երբեք չէ վտարած հայ բնակիչները, այդ մէկը անոնց որոշումը եղած է` տեղափոխուիլ Հայաստան կամ այլ երկիր», յայտարարեց Պաքու։