ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յառաջիկայ Մարտին, կը նախատեսուի Շիրակի մարզի Սառնաղբիւր գիւղին մէջ տեղադրել արեգանկային ուժանիւթի անհատական համակարգեր, որոնք հնարաւորութիւն կու տան արեւէն ստացուած ջերմութիւնը օգտագործել կենցաղային կարիքներու համար: Այս մասին յայտնեց յիշեալ սարքի հեղինակ ընկերութեան տնօրէն Վահան Համազասպեան եւ նշեց, որ համակարգերը նպատակայարմար է օգտագործել տուներու եւ ագարակներու մէջ: Անոնց հզօրութիւնը մինչեւ 200 քիլովաթ է: Բնակարաններու մէջ օգտագործման համար նախատեսուած են 3.5 քիլովաթ զօրութեամբ սարքերը:
Նշենք, որ 50 տարուան երաշխիք ունեցող սարքեր, փորձարկման նպատակով, արդէն իսկ տեղադրուած են Երեւանի, Էջմիածինի եւ Արարատի մէջ: