Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Առաջնորդներու խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի զոյգ առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սերաբիոն եպիսկոպոսի եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ, Երեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2007ին, իր հերթական ժողովը գումարեց Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանին մէջ, Պըրպէնք։ Երկրէն դուրս ճամբորդած ըլլալով, ժողովէն կը բացակայէր Ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոս։
Առաւօտեան ժամը 11ին, առաջնորդ սրբազան հայրեր իրենց ընկերակցող եկեղեցական հայրերու մասնակցութեամբ բացման աղօթքէն ետք, անցան ժողովական աշխատանքներուն։ Ժողովը քննարկեց յառաջիկայ միատեղ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու կարելիութիւնները։ Ժողովը, լսելէ ետք Ուղղափառ եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ երիտասարդաց յանձնաժողովներու զեկոյցները, որոշեց.-
Ա.- Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանին մէջ Շաբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2007, առաւօտեան ժամը 9էն յետմիջօրէ ժամը 2:30, 9-15 տարեկան աշակերտներու մասնակցութեամբ եւ երգեցողութեամբ միջկիրակնօրեայ դպրոցներու Ս. Պատարագ եւ աշակերտական միօրեայ դաստիարակչական հաւաք։
Բ.- Ուղղափառ եկեղեցիներու Միջերիտասարդաց յանձնախումբը, նախորդ տարիներու նման, յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին, դաստիարակչական ծրագրով միօրեայ օգտաշատ հաւաք մը կազմակերպէ։
Գ.- Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ Հինգշաբթի, 17 Յունուար 2008, առաւօտեան ժամը 10ին, Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու համատեղ Ս. Պատարագ, հիւրընկալութեամբ թեմիս առաջնորդ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ եկեղեցականաց դասուն. նոյն օրը կազմակերպել հոգեւոր լսարան, ապա տեղի ունենայ հաւաքական ճաշ, հիւրընկալութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան։
Հաւաքական ճաշով, յիշատակի հաւաքական նկարով եւ աղօթքով փակուեցաւ ժողովը։
Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու հերթական յաջորդ ժողովի թուականն է Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2007, Ս. Աթանաս Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ, Նորթրիճ։
Յայտնենք, որ Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակը եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ սրբազան հօր, արդէն իսկ ծրագրումի նախնական աշխատանքներու ձեռնարկած են, գործնապէս եւ լաւագոյնս մասնակցելու Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու թէ միջերիտասարդական հաւաքներուն։