ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին կայանալիք իր տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին «Ազատութեան մրցանակ»ը պիտի շնորհէ Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրին, Քանատայի կառավարութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար տարած իր աշխատանքին ու իր սկզբունքային կեցուածքին համար:
Վարչապետին փոխարէն մրցանակը պիտի ստանձնէ Քանատայի բազմամշակութային ու քանատական ինքնութեան հարցերու պետական նախարար Ճէյսըն Քենի:
«Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր շատ լաւ օրինակ մը հանդիսացաւ աշխարհի ղեկավարներուն: Ամերիկահայ գաղութը պատիւը ունի հիւրընկալելու նախարար Քենին, որ վարչապետին փոխարէն պիտի ստանձնէ մրցանակը», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան:
Մինչ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նեղացնելու հաւանականութենէն մտահոգ Քանատայի նախկին կառավարութիւնները մերժած էին ճանաչում շնորհել Հայկական Ցեղասպանութեան, Հարփըի կառավարութիւնը հաստատեց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին յղուած նամակին մէջ, վարչապետը շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կը խոստանայ պաշտպան մնալ մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Ան նաեւ կը խոստանայ Քանատայի եւ Հայաստանի հետ տնտեսական ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքը շարունակել: