ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին Universal Sheraton-ի մէջ կայացած կազմակերպութեան տարեկան ճաշկերոյթին ներկայ էին աւելի քան 1000 համակիրներ, միասնաբար տօնելով նախորդ տարեշրջանի յատկանշական իրագործումները:
«Տարուան մարդը» մրցանակին արժանացած ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզ (Դ., Նիւ Ճըրզի) իր ելոյթին մէջ շեշտեց, թէ մարդկային իրաւանց պաշտպանները կարեւոր պատասխանատուութիւն ունին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու պայքարին մէջ: Ան նշեց նաեւ դրուագներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին համար, նկատի առնուած Ռիչըրտ Հոկլընտի նշանակման դէմ տարուած յաջողած պայքարէն:
Ճաշկերոյթին ընթացքին մրցանակներ ստացան նաեւ ամերիկահայ գաղութի երկարամեայ գործիչներէն Յակոբ Շիրվանեան (Legacy Award) եւ Քանատայի կառավարութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահոված վարչապետ Սթիւըն Հարփըր (Freedom Award): Այս վերջինին փոխարէն մրցանակը ստանձնեց Քանատայի բազմամշակութային ու քանատական ինքնութեան հարցերու պետական նախարար Ճէյսըն Քենի:
Նկարին մէջ, ծերակուտական Մենենտէզ (կեդրոնը) Հայկական Ցեղասպանութենէ վերապրող Հրանդ Զէյթունցեանի եւ անոր զաւակին հետ: