ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկահայ գաղութի երկարամեայ եւ հանրածանօթ գործիչ եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի զօրակցողներէն Յակոբ Շիրվանեան պիտի պատուուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին՝ Legacy մրցանակով:
Այս մէկը Յանձնախումբին կողմէ տրուող ամէնէն բարձր մրցանակն է, որ այս տարի պիտի տրուի Յակոբ Շիրվանեանին, Հայ Դատի Յանձնախումբին իր ցուցաբերած տասնամեակներու զօրակցութեան համար:
Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան այս առիթով ըսաւ, թէ «մենք հպարտ ենք պատուելով Յակոբ Շիրվանեանը: Իբրեւ անձնաւորութիւն մը, որ աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր կը ծառայէ նահանգային զանազան յանձնաժողովներու մէջ, Շիրվանեան իր անձին օրինակով ցոյց տուած է, թէ ամերիկահայերը անհրաժեշտ է, որ մասնակից դառնան ամերիկեան քաղաքական գործընթացին: Ուրախ ենք, որ Յակոբ Շիրվանեան, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին զօրակցած է Հայ Դատի Յանձնախումբին, պիտի ստանայ այս մրցանակը»:
Յակոբ Շիրվանեան ծնած է Թաւրիզ, Պարսկաստան, 1923ին: Ան զաւակն է ընտանիքի մը, որ ակնառու դեր ունեցած է Վանի ինքնապաշտպանութեան ընթացքին, 1915ին: Իր երիտասարդութեան տարիներուն, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին, Յակոբ Շիրվանեան գործած է իբրեւ թարգմանիչ՝ Պարսկաստան գտնուող ամերիկեան ուժերուն մօտ: Պատերազմէն ետք, ան հիմնած է իր սեփական ոսկերչական հաստատութիւնը եւ ամուսնացած է Միրնա Տէր Յովհաննիսեանի հետ: Մինչեւ այսօր, Յակոբ եւ Միրնա Շիրվանեանները կը մասնակցին ամերիկահայ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն:
1956ին Ամերիկա հաստատուելով, նախ Սփրինկֆիլտ, ապա՝ Լոս Անճելըս, Յակոբ Շիրվանեան իր հարազատներուն հետ դարձեալ նետուած է ազատ գործարարութեան ասպարէզ եւ աղբամշակման մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկը դարձուցած է իր նախաձեռնութիւնը:
Ամերիկա հասնելու առաջին իսկ օրերէն, Յակոբ Շիրվանեան մասնակից դարձած է ամերիկահայ կեանքին: Ան անդամակցած է Վան-Վասպուրական հայրենակցական միութեան, վարելով զանազան վարչական բնոյթի պաշտօններ, վարած է «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի Խնամակալ մարմինի փոխատենապետի պաշտօնը ու իր տիկնոջ հետ կարեւոր դեր ունեցած է նշեալ վարժարանը ամուր հիմերու վրայ դնելու գործին մէջ:
Յակոբ Շիրվանեան նաեւ գործօն դեր ունեցած է Հայ կրթական հիմնարկութենէն ներս, բազմիցս վարելով անոր ատենապետի պաշտօնը: Այս ծիրէն ներս ալ՝ օժանդակութիւն հասցուցած է բազմաթիւ հայկական վարժարաններու Պէյրութի, Կիպրոսի, Պարսկաստանի մէջ, իսկ հետագային՝ գործունեայ եղած է Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող դպրոցական ցանցի ստեղծման մէջ:
Անցնող տասը տարիներու ընթացքին, Յակոբ Շիրվանեան կատարած է մարդասիրական բազմաթիւ նուիրատուութիւններ նորանկախ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:
Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային յանձնաժողովներու մէջ ամէնէն երկար ծառայած ամերիկահայն է: 1973ին, այդ օրերու նահանգապետ Ռանըլտ Ռեկընի կողմէ նշանակուած է նահանգի աղբամշակման յանձնաժողովի անդամ, ուր ծառայած է 12 տարի: Հետագային, ան նմանօրինակ նշանակումներու բերումով ծառայած է այլ նահանգապետներու հետ եւս:
Յիշեցնենք, որ Յանձնախումբի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 30ի երեկոյեան, «Եունիվըրսըլ շերաթըն» պանդոկին մէջ: Մանրամասնութեանց համար կարելի է հեռաձայնել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակ՝ (818) 500-1918 թիւով: